Հայաստան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատեց Ուկանտայի Եւ Մաւրիկիոսի Հետ
28 յունիսին ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի եւ Ուկանտայի մնայուն ներկայացուցիչներ Կարէն Նազարեան եւ Ռիչըրտ Նտուհուրա Նիւ Եորքի մէջ ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութիւն:
Նոյն օրը դարձեալ Նիւ Եորքի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Մաւրիկիոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններ հաստատելու մասին փաստաթուղթ մը:
CATEGORIES Հայկական

