Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքները լաւ կ՛ընթանան: Կրնաք ապագային մասին վստահ ըլլալ: Օրը ունի այլատեսակ նպաստաւոր պահեր եւ աշխատանք բեղմնաւոր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը շատ յաջող պիտի ընթանայ: Ձեր հմայքը պիտի զարգանայ: Շարունակեցէք մնալ այնպէս, ինչպէս որ էք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւատես եւ պայծառատես եղէք: Ձեր գլուխը պահեցէք ձեր ուսերուն վրայ: Օրը կը պահանջէ հանգիստ տրամաբանութիւն: Կը յաջողիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բարեկամները ձեզի պիտի առաջարկեն գործունէութիւն մը, որ պիտի ընդլայնէ ձեր ծանօթութիւնները: Օրը յաջող է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս օրերուն կ՛աշխատիք աւելի եռանդուն, հաւանաբար ի մտի ունիք արձակուրդ մը առնել: Ամէն պարագայի շարունակեցէք ձեր գործերը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը եւ ժամանակը շատ յարմար են ճամբորդութիւն մը կատարելու: Փախուստ մը տուէք միօրինակ առօրեայէն, որպէսզի կազդուրուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր տնտեսական վիճակը լաւ ճամբու վրայ է, բայց մոգական առիթները կրնան քիչ ըլլալ: Ապահովեցէք ձեր ունեցած բաժինը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ թիւրիմացութիւն ունենաք ձեր մէկ պաշտօնակիցին կամ գործընկերոջ հետ, ջանացէք մնալ զուսպ, ձեր բերնէն վիրաւորական խօսք չելլէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ նոր գործ մը կը փնտռէք, եղէք պրպտող եւ պահանջկոտ, կը յաջողիք: Յարձակունակ տրամադրութեամբ գործի անցէք, կը շահիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետեւեցէք լաւ մարզաձեւի մը, մօտ ժամանակի մը մէջ պիտի զգաք թարմացած վիճակ, հանգիստ տրամադրութիւն եւ առողջ մարմին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զղջալը օգուտ մը չունի: Իրաւունք ունիք այլ բախտի մը արժանի ըլլալու: Փորձեցէք ձեր բախտը, որուն կրնաք հանդիպիլ անպայման, կը յաջողիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի հանդիպիք համակրելի եւ հաճելի անձերու, որոնց հետ պիտի ուզէք զարգացնել ձեր բարեկամութիւնը: Օրը նպաստաւոր է, ուրախ մնացէք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )