Իտալիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Եուվենթուսի Դաշտին Վրայ Մրցում Պիտի Կատարէ
Իր լուրը քաղելով Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը Թորինոյի մէջ գտնուող Եուվենթուսի դաշտին վրայ առաջին անգամ ըլլալով մրցում պիտի կատարէ, երբ յառաջիկայ 10 սեպտեմբերին հիւրընկալէ Չեխիան` 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Թէեւ Իտալիա մրցում կատարած է Թորինոյի մէջ, սակայն անիկա պիտի ըլլայ առաջին այցելութիւնը հոն այն օրուընէ ետք, երբ Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս փոխադրուեցաւ այդ դաշտը (2011-ին):
Այժմ Իտալիա 14 կէտով կը գրաւէ Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը` չորս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով 2-րդ դիրքը գրաւող Պուլկարիոյ վրայ` վեց մրցում կատարելէ ետք: Նշենք, որ 6 սեպտեմբերին Իտալիա պիտի հիւընկալէ Պուլկարիան:
CATEGORIES Մարզական

