Ճատրակ. Արսէն Դաւթեան` Եւրոպայի Բաժակակիր

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հայրենի ճատրակ խաղացող Արսէն Դաւթեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ, հանդիսացաւ Եւրոպայի 8 տարեկանէն վար կրտսերներու բաժակակիր: Նոյն դասակարգին մէջ, Ռոպերթ Մուրատեան հանդիսացաւ երրորդ: Իր կարգին, Աննա Պօղոսեան աղջկանց 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ` գրաւեց երրորդ դիրքը:

Վերջապէս, 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Շանթ Սարգսեան հանդիսացաւ երկրորդ:

Share this Article
CATEGORIES