Մխիթարեան Վերադարձաւ Եւրոպայէն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ վերջին տասը օրերուն կը գտնուէր Եւրոպա, նախորդ շաբաթավերջին վերադարձած է Երեւան:
ArmSport.am-ի թղթակից Հայկ Յովհաննիսեան Մխիթարեանը նկատած է հիւսիսային պողոտային մէջ:
Նշենք, որ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի մաս կազմող Մխիթարեանով թէեւ ներկայիս հետաքրքրուած են եւրոպական շարք մը ակումբներ, սակայն ցարդ անորոշ կը մնայ, թէ 24 տարեկան ֆութպոլիստը ո՞ւր պիտի շարունակէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
CATEGORIES Մարզական

