Գաբրիէլ Սարգսեան Պսակուեցաւ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի խաչեղբայրութեամբ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայրենի ճատրակի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեանի պսակը` Լիանա Աւոյեանի հետ: Նորապսակները կարգեց Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ նաւասարդ արք. Կճոյեանը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Պսակադրութեան արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Լեւոն Արոնեան, որ հանդիսութեան մասնակցած է ֆիլիփինցի իր ընկերուհիին` Արիանա Կահոյիլիի հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին միւս անդամները:
Նշենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահն է, ճատրակի 40-րդ միջազգային ողիմպիականին աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամներուն խոստացած էր, որ ինք պիտի ըլլայ անոնց պսակադրութեան խաչեղբայրը: