Ամբողջական Հայը

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Տարիներ առաջ էր, օր մը տունը նստած` գիրք կը կարդայի: Հայրս տեսնելով զիս` մօտեցաւ եւ առանց հարցնելու թէ ի՛նչ է իմ կարդացած գիրքս, ըսաւ.

– Եթէ պիտի կարդաս, Շուշանեան կարդա՛, տղաս:

Հօրս խօսքը ականջիս` հետաքրքրուեցայ Շուշանեանի գիրքերով: Ու ետեւ ետեւի կարդացի անոր վիպակներէն «Մահուան առագաստը», «Առաջին սէրը» եւ «Ճերմակ Վարսենիկը»: Քանի մը շաբաթ ետք, 1983-ի յունուարին, «Բագին» ամսագիրը իր համարը նուիրած էր Վազգէն Շուշանեանի: Այս բացառիկին մէջ տեղ գտած էին իր հրապարակագրութիւններէն եւ վիպակներէն հատուածներ, իր մասին խորհրդածութիւններ եւ յուշեր: Հոն աւելի ծանօթացայ այս մեծ գրագէտին ու բացայայտեցի անոր մտաւորականի ու հայու իսկական կերպարը: Հետագային շարունակեցի կարդալ անոր գիրքերը «Օրերը գեղեցիկ չեն», «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Մթին պատանութիւն», «Բանաստեղծը եւ կինը», «Ամրան գիշերներ», «Գարնանային սիրոյ հեզ նամակներ», «Սիրոյ եւ մեղքի պարտէզը» եւ այլն: Անյագօրէն կարդացի բոլորը: Պարզ էր` ես դարձած էի շուշանեանասէր:

Աւելի ուշ, Հայաստանի անկախացումէն ետք, հրատարակուեցան անոր ինծի անծանօթ մնացած գործերը` «Ներքին դաշտանկար», «Խառնիխուռն», «Քրոնիկոն քնարական», «Մարդ մը, որ Արարատ չունէր իր հոգւոյն խորը», «Տենդեր», «Օրագիր», որ իր վերջին գիրքն է, եւ հրապարակագրական յօդուածները, որոնք մէկտեղուեցան «Յեղափոխութեան լոյսէ գօտին» հատորին մէջ: Նոյն հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով կարդացի վերոնշեալները: Ու Շուշանեանը աւելի մեծցաւ ինծի համար:

– Եթէ պիտի կարդաս, Շուշանեան կարդա՛, տղաս:

Մեր գրականութեան իւրայատուկ դէմքերէն է Վազգէն Շուշանեանը` անկասկած: Դժբախտաբար ան շատ մեծ տեղ չէ գտած հայերէնի դասագիրքերուն մէջ եւ հաւանաբար այդ պատճառով ալ մնացած է որոշ չափով անծանօթ: Սակայն կարդալով անոր թէ՛ վիպակները եւ թէ՛ հրապարակագրական յօդուածները, կ՛անդրադառնանք, թէ այս տարաբախտ գրողին մէջ կ՛ապրի իսկական հայը եւ մեծ մտաւորականը:

Ինչպէս գրեթէ մեր բոլոր գրագէտները, Շուշանեանի գրականութեան ալ հիմնական նիւթը ՍԷՐն է: Սէր` հակառակ սեռի նկատմամբ, սէր` հայրենիքի հանդէպ եւ սէր` իր մօր հանդէպ: Շուշանեան ազատ ու համարձակ կը գրէ սիրոյ մասին: Ան իր ժամանակի կաշկանդումները չունի: Սակայն նոյնիսկ սիրոյ պատկերները բանաստեղծական են եւ գեղեցիկի նկարագրութիւնն են: Ան շատ հեռու է այսօրուան «յառաջադէմ» գրողներէն, որոնք գեղեցիկն ու գռեհիկը զիրար կը խառնեն ազատ արուեստի անուան տակ: Ան իր զգացումները եւ արարքները կը բանաստեղծէ առաւելագոյն գեղեցկութեամբ: Սիրոյ շռայլ պատկերներ կու տայ, զգացումներ կը յառաջացնէ ու կը մնայ գեղարուեստականի սահմաններուն մէջ: Անոր պատկերները տարբեր երանգներ ունին, բայց եւ միեւնոյն նիւթը կը շօշափեն: Հերոսը ինքն է միշտ, տարբեր անուններով: Ամենափոքր զգացումն անգամ կ՛արտայայտէ գունեղ բառերով եւ ուժեղ հնչեղութեամբ: Ու կը մնայ սիրոյ անյագ ծարաւով տառապող հայ բանաստեղծը օտարութեան գիրկին մէջ: Շուշանեանի վերջին գործը` «Օրագիր»-ը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ հայ բանաստեղծին ներքին աշխարհը: Անոր գիրքերը մէկտեղելով` կարելի է ըսել, թէ կրնանք ունենալ անոր կեանքի ամբողջական պատկերը:

Շուշանեան ապրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան բախտով ճողոպրած է թուրքին ճիրաններէն: Ու տարիներ շարունակ ապրելով  թափառական կեանք մը` ի վերջոյ հաստատուած է Ֆրանսա: Աքսորի ճամբուն վրայ կը կորսնցնէ իր մայրը եւ ընտանիքին անդամները: Շուշանեան միշտ կը յիշէ զանոնք,  մասնաւորաբար` մայրը: Նոյնիսկ սիրոյ իր ամէնէն զեղուն զգացումներուն մէջ կը մտաբերէ իր մայրը: Մօրը մասին իր գրած հետեւեալ պատկերը ոչ միայն հայ, այլեւ թերեւս ընդհանրապէս  գրականութեան մէջ պիտի մնայ որպէս գեղարուեստական գլուխ գործոց մը:

«Առտուն իր խունկէ մատներով կը բանար կոպերս ու ծագող արարչական լոյսին հետ` աչքերուս մէջ կը ցոլար իր քաղցր պատկերը»:

Անսահմանօրէն մեծ է Շուշանեանին սէրը հայրենիքի հանդէպ: Անոր համար հայրենիքը ամբողջութիւն մըն է, որուն անկարելի է որեւէ պատճառով ցեխարձակում կատարել: Կարդալով անոր «Մարդ մը որ Արարատ չունէր իր հոգւոյն խորը» գիրքը` կը տեսնենք, որ Շուշանեանի համար հայրենիքը միայն քարն ու ջուրը, հողն ու վանքը չեն: Անոր համար Նարեկացին ու հայոց լեզուն, մեր ժողովուրդի պատմութիւնն ու անոր հերոսները, մեր մշակոյթն ու արուեստը եւ ամէն ինչ, որ կ՛առնչուի հայ ժողովուրդին հետ, կը նոյնանայ հայրենիք հասկացողութեան հետ:

«Կեանքը պիտի կրնա՞յ արդեօք պարգեւել մեզի այս վերջին ուրախութիւնը: Մայիսի իրիկունով մը կենալ Աբովեանի սալայատակին վրայ, երբ համալսարանի դռները կը բացուին դուրս նետելու համար ուսանողներու երամը: Հո՛դ է միայն մեր փառքը, հո՛դ է միայն մեր գեղեցկութիւնը»:

Մեր երկի՜րը…

Շուշանեան ունի նաեւ հարուստ ու գեղեցիկ լեզու: Եթէ Վարուժան արդի հայ գրականութեան մէջ կը համարուի առաւելագոյն բառամթերք օգտագործած բանաստեղծը, ապա անոր յաջորդներուն առաջիններէն կրնայ հանդիսանալ Շուշանեան: Բառերը կը հոսին անոր տողերուն մէջ բնականօրէն ու առատօրէն: Ոչ մէկ կեղծ ու բռնազբօսիկ նախադասութիւն կամ բառ կարելի է գտնել անոր գրութիւններուն մէջ: Ու այս փաստը անոր ունեցած անսահման սէրն է հայոց լեզուի հանդէպ:

«Դո՛ւն` որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը, – Հայո՛ց լեզու, կը սիրեմ քեզ»:

Շուշանեան նաեւ մեծ հրապարակագիր է` բանաստեղծ ըլլալու կողքին: Անոր հրապարակագրական յօդուածները, որոնք հրապարակուեցան «Յեղափոխութեան լոյսէ գօտին» հատորով, անգնահատելի ժառանգ մըն են մեզի: Ան մեր իրականութեան մէջ եղող զանազան երեւոյթներն ու հարցերը կը շօշափէ եւ իբրեւ մտաւորական` ունի պատասխանները: Ան ունի պատասխանը մեր իրականութեան մէջ գտնուող շատ հարցերու, որոնք տակաւին կը չարչրկեն մեր մտքերը: Շուշանեան իսկական հայ մտաւորականն է, որ կը զգայ ու կ՛ապրի ժողովուրդին հետ, կը տառապի անոր հարցերով եւ յաճախ լուծումներու ճանապարհը ցոյց կու տայ: Անոր «Ո՞վ է մտաւորականը» յօդուածը կարծես գրած ըլլայ ինքն իր մասին: Ան կը ձաղկէ մեր իրականութեան մէջ գտնուող այն անհատները, որոնք քանի մը գիրք կարդալով եւ հազիւ մատիտ շարժելով` իրենք զիրենք մտաւորական կը յորջորջեն:

«Հարկ չէ բնաւ ու ոչ մէկ պարագայի տակ զղջալ այս կամ այն ազգութեան մաս կազմելնուս համար: Ոչ թէ զուր հպարտութիւն, այլ խորին երախտագիտութիւն է, որ կը զգամ հայ ծնած ըլլալուս պատճառաւ, բոլոր անոնց հանդէպ, որ այս քաղցր լեզուն ժառանգ ձգած են մեզի: Ու այս անհատականութիւնը, որ ինքնատիպ է, լոկ յատուկ է մեզի»:

Տարաբախտ այս գրողը դժբախտաբար կը մահանայ երիտասարդ տարիքին ու հայկական միջավայրէ հեռու: Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, երբ կը պաշտօնավարէր ֆրանսական դպրոցի մը մէջ, կը հիւանդանայ ու կը մահանայ հիւանդանոցին մէջ: Ամենամեծ ողբերգութիւնը սակայն այն է, որ իր գերեզմանն անգամ կը մնայ անյայտ:

Շուշանեան պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն գրողներէն մէկը: Տագնապող, կրքոտ, միշտ խանդավառ եւ սէր փնտռող ու չյագեցող տղան: Իր նկարագրային հիմնական գիծերն էին հպարտութիւնը, պարզութիւնն ու հայութեան հանդէպ իր մեծ սէրն ու հաւատքը: Պատանի տարիքէն կարելի է սկսիլ կարդալ զայն ու կլանուիլ անով: Միշտ երիտասարդ մնաց ու երիտասարդութեան հացը դարձաւ ու պիտի մնայ այդպիսին: Իր մասին ստորեւ ըսուած խօսքը Շուշանեանի ամբողջ էութեան խտացումն է:

Վազգէն Շուշանեան` տղայ մը, որ սիրտ ունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Գէորգը հիացնում է, ինչպէս միշտ:
    Շնորհակալութիւն, յարգելի Գէորգ, յուզառատ եւ սրտառուչ գրութեան համար, “սիրոյ ու արկածի” յաւերժական տղայի կերպարը քո հոգու միջով անցկացնելու եւ նորովի բացայայտելու համար…

  • Disqus ( )