Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայը Կ՛ապրի Միայն Իր Բնօրրանին` Հայաստանի Մէջ

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Այն հաւաքականութիւնները, որոնք կ՛ապրին իրենց հարազատ եւ իսկական միջավայրէն դուրս, կամայ կամ ակամայ եւ ուշ կամ կանուխ, ու հակառակ բոլոր ճիգերուն, դատապարտուած են կորսուելու զիրենք ընդունած տուեալ երկրին ծով ժողովուրդին մէջ: Վկա՞յ. նայեցէք Լեհաստանի երբեմնի հայկական ծաղկուն գաղութին, որ ունէր դպրոցներ, եկեղեցիներ, պետական այրեր եւ այլ. իսկ այսօ՞ր. մնացած են հայկական  անցեալը յիշեցնող միայն քանի մը փողոցներու հայկական անունը եւ կարգ մը ընտանիքներու մականունը:

Ընդունինք, որ հայուն համար միայն ու միայն հայրենիքն է կռուանն ու յենարանը ապրելու իբրեւ հայ, մտածելու որպէս հայ, խօսելու հայերէն, ստեղծագործելու մեսրոպեան սրբազան տառերով, աղօթելու հայերէն, պայքարելու Արամ Մանուկեանի ոգիին շունչով, սիրելու հայերէն եւ ընելու ամէն բան, որ հայկականութիւն կը բուրէ:

Հայրենիքէն` Հայաստանէն դուրս հայը պարզապէս իր գոյութիւնը քարշ կու տայ: Հայը սկսած է պարպուիլ ամէն բանէ, որ հայկական է. ան սկսած է ապրիլ իբրեւ աշխարհաքաղաքացի. օտար մետիան իր քարոզչութեամբ աւերներ կը գործէ եւ հաստատ քայլերով կը հասնի իր նպատակին` մեզ պարպելու հայութենէ, մեր մէջ արմատաւորել այն անհեթեթ «գաղափար»-ը, թէ մենք պէտք է համարկուինք տուեալ երկրի ժողովուրդին մէջ եւ ընդունինք անոնց բարքերը, լեզուն եւ սովորութիւնները (նաեւ մերը դարձնենք զանոնք), մեզ յանցաւոր զգացնել, թէ չենք համարկուիր տուեալ երկրի ընկերութեան մէջ (իմա` ձուլուիլ), եւ թէ` տակաւին կ՛ապրինք մեկուսացած (ըսել կ՛ուզեն` հայ) եւ այլն: Նման քարոզչութիւններ արդէն իրենց նպատակին հասնիլ կը թուին. վկայ` խառն ամուսնութիւնները, մեծ թիւով հայ մանուկներու օտար վարժարաններ յաճախելը, օտար լեզուի գործածութիւնը եւ այլն:

Ուրեմն մեզի կը մնայ (մանաւանդ հայրենի իշխանութիւններէն) նախ միջոցներ գտնել Հայաստանէն ահաւոր չափերու հասած արտագաղթը կասեցնելու, ապա կազմակերպել ներգաղթ դէպի Հայաստան, որ սակայն պատահական պէտք չէ ըլլայ, այլ` լաւապէս կազմակերպուած, որպէսզի ներգաղթող հայը որոշ ժամանակէ մը ետք յուսախաբուելով դարձեալ չմտածէ արտագաղթի մասին: Հայը Հայաստանի մէջ արժանավայել եւ արժանապատուութեամբ պէտք է ապրի: Ասիկա կ՛ենթադրէ ճիգերու առաւելագոյն լարում, փտածութեան չքացում (գէթ` որոշ չափով նուազում), դիւանակալական դժուարութեանց վերացում եւ այլն:

Հայը Հայաստանի մէջ պէտք է (պիտի) ապրի ապահով եւ անկաշկանդ. այդ մեր տարրական իրաւունքն է եւ պարտաւորութիւնը:

Հայը պիտի ստեղծագործէ Հայաստանի մէջ:

Հայը Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի համար:

Հայը պիտի կռուի, ու եթէ պէտք ըլլայ, ապա պիտի նահատակուի Հայաստանի ու հայութեան համար:

Ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES