Պրազիլի Իշխանութիւնները Անտարբեր Չեն Ժողովուրդի Պահանջներուն Նկատմամբ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը շաբաթէ ի վեր Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն տարածուն երկիրը` Պրազիլ, փոթորկած է հսկայածաւալ ցոյցերով ու բողոքի ալիքներով: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ միլիոնաւոր քաղաքացիներ ոտքի ելած են` պահանջելով, որ իշխանութիւնները բարեկարգումներ կատարեն, որդեգրեն ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու քայլեր: Դէտեր եւ մեկնաբաններ չեն վարանիր ըսելու, թէ տարբեր ցամաքամասերու երկիրներ «ողողած» գարունը հասած է Հարաւային Ամերիկայի այս երկիրը, որ ցարդ ընդհանրապէս լուսարձակներ խլած է Բելէներու նման աստղերով զարդարուն իր ֆութպոլի երկինքին, կամ Ռիոյի տօնահանդէսներուն` քառնաւալներուն շնորհիւ: Հիմա երկիրը լուսարձակներ կը խլէ քաղաքական-ընկերային-տնտեսական հարցերու պատճառով:

Բողոքի ցոյցերուն պատրոյգը վառեցաւ, երբ Սան Փաւլոյի ու Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի պէս մեծ քաղաքներու մէջ հանրային փոխադրամիջոցներու սակերը բարձրացում կրեցին: Ցուցարարներուն անմիջական թիրախը այդ որոշումին վերանայումն ու յաւելումներու ջնջումն էր, սակայն շուտով երեւցան բազմաթիւ այլ խորագիրներ. ժողովուրդը կը պահանջէ` վարչամեքենայի փտածութեան դարմանումը, հանրային առողջապահութեան սպասարկութեանց բարելաւումը, կրթական մարզին յաւելեալ հոգածութեան ու պիւտճէի տրամադրումը, մէկ խօսքով` սահմանափակ եկամուտ ունեցող զանգուածին ապրուստի պայմաններուն դարմանումը: Պրազիլ յառաջիկայ տարի պիտի կազմակերպէ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքը, իսկ անկէ երկու տարի ետք` Ողիմպիական խաղերը: Այս բոլորը հսկայական ծախսեր կ՛ենթադրեն, իսկ մարզասիրութեան մէջ հռչակ ու վարկ վայելող պրազիլացիք կ՛ըսեն, որ մարզական կեանքէն առաջ պէտք է հոգալ ժողովուրդին ապրուստի տարրական պահանջները:

Տիլմա Ռուսեֆ

Ցոյցերու շղթայազերծումէն շուրջ երկու շաբաթ ետք նախագահ Տիլմա Ռուսեֆ, երկրին առաջին կին նախագահը, որ աւելի քան երկու տարի առաջ քաղաքական ըստ բաւականին առողջ ուղեգիծ մը ժառանգեց երկրին նոր ժամանակներու ամէնէն նշանաւոր ու սիրուած նախագահէն` Լուիզ Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվայէն, յանկարծ ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ ընկերային-տնտեսական խորք ունեցող տագնապի մը, որ, յամենայն դէպս, ունի նաեւ որոշ չափով քողարկուած քաղաքական գիծեր ու գունաւորում: Պրազիլը հարաւամերիկեան այն երկիրներէն է, որոնք անցեալ տասնամեակներուն ինկած էին դրածոյ խունթաներու «խնամքին» տակ, յետոյ ծայր տուաւ շարժում մը, որ տոմինոյի քարերու նման տարածուեցաւ երկրէ երկիր, իւրաքանչիւր երկիր փորձեց ու ըստ բաւականին յաջողեցաւ ձերբազատիլ արտաքին (եւ կեղեքիչ) ազդեցութիւններէ. Արժանթինը, որ շուրջ տասնամեակ մը առաջ հասած էր սնանկացումի, ինքզինք փրկեց տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումներու ճամբով եւ վերակերտեց տնտեսութիւնը. քանի մը ամիս առաջ մահացած Ուկօ Չաւեսի Վենեզուելան դարձաւ «Պոլիվարեան յեղափոխութեան» նորագոյն դրօշակիրը, եւ անոր նախագահը Միացեալ Նահանգներու եւ շահակիցներուն աչքին շահեցաւ «չար»-ի հռչակ: Չաւեսի մահէն ետք Վենեզուելա ապրեցաւ ու կրնայ դարձեալ ապրիլ ցնցումներ, որոնց ետին կան նաեւ արձանագրուած բարեկարգումները ետդարձի տանելու միտումներ: Պրազիլն ալ կը կանգնի նման ալիքներու միջեւ:

Ժողովրդային բողոքի ալիքին դիմաց իշխանութիւնները կատարեցին կարեւոր զիջումներ. առաջին հերթին փոխադրամիջոցներու սակերուն յաւելումները ջնջուեցան, իսկ նախագահ Ռուսեֆ խոստացաւ ընդառաջել զանգուածներու պահանջներուն: Ան որոշած է բարեկարգչական ծրագիր մը հանրաքուէի դնել. ծրագիրը կ՛առաջադրէ քաղաքական, ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ նմանօրինակ մարզերու մէջ հիմնական բարեկարգումներ: Ռուսեֆ կը փորձէ ժողովուրդը համոզել, որ մարզական յիշեալ խաղերուն համար ծախսուելիք գումարները պիտի տրամադրուին զանազան ընկերութիւններու կողմէ, հետեւաբար պետութեան պիւտճէին մէջ հանրութեան համար նախատեսուած գումարները պիտի չնուազին մրցաշարքերուն պատճառով: Այս ու նմանօրինակ խոստումներ չեն համոզած ժողովուրդը, որ քաղաքէ քաղաք կը տարածէ բողոքի ցոյցերը:

Բնականաբար կ՛ըսուի նաեւ, որ նման խաղերու կազմակերպումը (անցեալին ալ այս երկիրը հիւրընկալած է նման մրցաշարքեր) կրնայ մեծ եկամուտներ ապահովել երկրին (ո՞վ չի գիտեր, որ ֆութպոլի եւ այլ մարզախաղերու նկարագիրը հսկայական փոփոխութիւններու ենթարկուած է անցեալ դարու վերջին քառորդէն ասդին, եւ հիմա դրամն է, որ կը տիրէ այս աշխարհին մէջ, շարժառիթ է ու նպատակ` միաժամանակ):

***

Մեր նպատակը Պրազիլի քաղաքական-տնտեսական տագնապին պատճառները, բողոքին որքա՞նը իրական, որքա՞նը շինծու (քաղաքական քողարկուած հաշիւներէ մղուած) ըլլալը պեղել չէ: Միայն ընդունինք, որ` «ծուխ ելած տեղը կրակ վառած ըլլալու է»: Կ՛ուզենք լուսարձակը կեդրոնացնել ժողովրդային շարժումին ու անոր արձանագրած անմիջական ու շօշափելի յաջողութեանց վրայ:

Դժգոհ, ապրուստի իր պայմաններով չբաւարարուած ժողովուրդ մը կը բողոքէ եւ իշխանութիւններուն կը պարտադրէ ետդարձ, կը պարտադրէ բարելաւման խոստումներ (որոնք կրնան լիովին չիրագործուիլ, յամենայն դէպս): Սա կը նշանակէ, որ մեզ շրջապատող աշխարհին (եւ ոչ լուսնի) մէջ կան ժողովուրդներ, որոնք իրազեկ են իրենց դժբախտութիւններուն, չեն վարանիր բողոքելու եւ ըմբոստանալու, մէկ խօսքով, կրաւորական հանդիսատեսները չեն իրենց պարտադրուած դառնութեանց: Նման շարժումներ ահազանգ չեն հնչեցներ, թէ` արդար պահանջներու հետապնդումը կը սպառնայ երկրի անվտանգութեան, հետեւաբար պէտք է լուռ կերպով ենթարկուիլ փտած իշխանութեանց խաղերուն, ետ կանգնիլ պահանջատիրութենէ, երկիրը ձգել-հեռանալը նկատել լուծման միջոց…

Նման շարժումներ միայն Պրազիլի յատուկ չեն. նման դառնութիւններ կ՛ապրին նա՛եւ տնտեսական-անգործութեան տագնապներու տակ կքած եւրոպական երկիրներ, ինչպէս` Սպանիան, Յունաստանն ու ուրիշներ: Հոն ալ պահանջատիրական ծաւալուն շարժումներ կը փոթորկեն ժողովուրդն ու իշխանութիւնները, թէեւ ցարդ չեն արձանագրած շօշափելի արդիւնք:

Պրազիլի իւրայատուկ եւ օրինակելի պարագան այն է, որ հոն յայտնապէս կայ իշխանութիւն մը, որ կ՛ընդունի, թէ թերութիւններ կան, ետդարձ կ՛ընէ սխալներէ ու պիւտճէ կը տրամադրէ որոշ տագնապներու դարմանումին համար:

Մինչդեռ կրաւորականութիւնը կ՛իշխէ (անտարբերութիւն, անիրազեկութիւն պարտադրուած է) Միացեալ Նահանգներու պէս երկիրներու ժողովուրդներուն, որոնք ունին իրե՛նց դառնութիւնները:

Իսկ ո՞ւր կը կանգնին մեր Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը, անոր տաժանքը մեղմացնելու կոչուած խմբաւորումները… Արդեօք իշխանութիւններն ու քաղաքական շրջանակները աչք ու ականջ ունի՞ն…

Անշուշտ ո՛չ մէկ երկրի կամ ժողովուրդի վիճակ ուրիշի մը հետ բաղդատելի է, սակայն միշտ ալ կան հասարակաց գիծեր, որոնք չեն կրնար ընդմիշտ անտեսումի դատապարտուիլ:

 

26 յունիս

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )