Զրոյց Ատրուշան Արմէնեանի Հետ. Միացեալ Նահանգներու Նեւատա Շրջանի Հայութիւնը Կազմակերպչական Աշխուժ Աշխատանք Կը Տանի

Միացեալ Նահանգներու Նեւատա շրջանի գաղութը կը նկատուի սփիւռքահայ կեանքին մէջ նոր ձեւաւորուած գաղութներէն մէկը, որ իր ուրոյն ուժերով կը փորձէ կազմակերպուիլ, զարկ տալ հայեցի դաստիարակութեան եւ ապահովել հայապահպանման կռուանները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով Լիբանան կը գտնուէր Նեւատայի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան, որ նաեւ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ խմբագրութեան հետ: Կայացած զրոյցին ընթացքին ան յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ այդ գաղութին մասին:

Նեւատայի հայ գաղութին մասին խօսելէ առաջ Ա. Արմէնեան անդրադարձաւ Նեւատա նահանգի պատմականին: Ան յայտնեց, որ նահանգը ստեղծուած է 150 տարիներ առաջ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի շրջանին` 1864-ին. այդ ժամանակ միայն հիւսիսային Նեւատայի մէջ կային արծաթի ու ոսկիի հանքեր. Լաս Վեկաս քաղաքը մէջտեղ եկաւ Հուվըրտեմի շինութեամբ, որ աւարտեցաւ 1936-ին: Այսինքն Լաս Վեկասը ընդհանուր առմամբ շատ երիտասարդ քաղաք է: Հայութիւնը շատ փոքր թիւով սկսած է Լաս Վեկաս հաստատուիլ 1950-ական թուականներէն ետք. հոն հայերը զբաղած են ճաշարանի գործերով, եղած են քանի մը փաստաբաններ: Մեծ թիւով հայութիւն սկսած է գալ 1990-ական թուականներէն ետք, եւ մանաւանդ 1994-ին պատահած Քալիֆորնիոյ Նորթ Ռիճի երկրաշարժէն ետք:

Շրջանի հայութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն մասին խօսելով` Ա. Արմէնեան դիտել տուաւ, որ հոն գործող առաջին միութիւնը եղած է ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղը, որ 1993-ին սկսած է իր աշխատանքներուն եւ այս տարուան սեպտեմբերին պիտի նշէ միութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը: Մասնաճիւղը ունի շատ աշխուժ շաբաթօրեայ դպրոց, որ իր հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ:

Ատրուշան Արմէնեանի համաձայն, եկեղեցական արարողութիւնները սկսած են 1994-ին, հայ ընտանիքի մը տան մէջ, ուր կը հաւաքուէին տեղացի հայեր` մօտ 40-50 հոգի, յատկապէս այս նպատակով կու գար նաեւ քահանայ մը, որ Ս. պատարագ կը մատուցէր: Երբ գաղութը աւելի աշխուժացած է, 1997-ին հիմնուած է ՀՄԸՄ-ը, եւ եկեղեցի մը ունենալը արդէն հրամայական դարձած է: 2006 թուականին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է ծխական խորհուրդ, որուն ատենապետը եղած է Ա. Արմէնեան:

«4 տարիներ շարունակ  ամսական դրութեամբ մատուցուեցաւ պատարագ. հիւրաբար քահանայ մը կու գար եւ արարողութիւնը կը կատարէր, բայց որովհետեւ մենք կրցանք կանոնաւոր կերպով պատարագ կատարել, տեղւոյն հայութիւնը սկսաւ համախմբուիլ այդ թուականին, որպէսզի միասնաբար մասնակից ըլլան եկեղեցական արարողութեան:

«2009 թուականին մեր հոգաբարձութեան կազմէն Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզ դժբախտաբար մահացաւ: Անոր ամուսինը յաւերժացնելու համար իր կնոջ յիշատակը` կատարեց մեծ նուիրատուութիւն մը, եւ տարիներու ընթացքին մեր մէկդի դրած գումարներն ալ անոր վրայ աւելցնելով` կրցանք գնել կալուած մը, որուն վրայ կային երկու շէնքեր: Անոնցմէ մէկը իսկոյն նորոգեցինք, հոն գտնուող փոքր սրահը` 110 քառակուսի մեթր տարածութեամբ, սկսանք գործածել թէ՛ իբրեւ եկեղեցի եւ թէ՛ իբրեւ միութիւններու յատուկ ժողովասրահ: Ունէինք նաեւ 5 տարբեր սենեակներ, որոնք կ՛օգտագործուէին իբրեւ ժողովասրահներ եւ դպրոցի զանազան դասարաններ: Մինչ այդ դիմեցինք պետական մարմիններու, որպէսզի արտօնութիւն ունենանք հայկական ոճով եկեղեցի մը կառուցելու: Փլեցինք երկրորդ շէնքը. տարուան մը աշխատանքէ ետք, նախորդ տարուան ապրիլ 13-14-ի շաբաթավերջին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ կատարուեցաւ նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծումը», յայտնեց ան:

Ա. Արմէնեան աւելցուց, որ Լաս Վեկաս եւ Նեւատա նահանգի առաջին հայկական եկեղեցին հանդիսացող Ս. Կարապետի շինութիւնը սքանչելի եւ անբացատրելի զգացումներ եւ տպաւորութիւն առթած էր շրջանի հայութեան մօտ, օծման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ տարբեր նահանգներէ հայեր:

«Մենք այս առիթով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք  Լերի Պարնզին` իր նուիրատուութեան համար, բայց նաեւ կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ եթէ փոքրաթիւ գաղութի հայութիւնը քով-քովի եկած չըլլար եւ մեր այդ աշխուժ աշխատանքը տարուած չըլլար, Պարնզ ոչ մէկ ձեւով մեզի օգտակար պիտի ըլլար: Երկուքը զիրար ամբողջացուցին, եւ եկեղեցի մը ունենալը շօշափելի իրականութիւն դարձաւ: Կրնամ ըսել, որ եթէ եկեղեցի մը կառուցելու անհրաժեշտ գումարին 60 առ հարիւրը հիմնական նուիրատուութեամբ գոյացաւ, մնացեալ 40 առ հարիւրն ալ անհատական նուիրատուութիւններով ամբողջացաւ:  Երկու հիմնական հանգրուանները` կեդրոնի նորոգութիւնն ու եկեղեցւոյ հիմնումը կատարելէ ետք, մեր դիմաց կայ երրորդ հանգրուանը` կեդրոնին մէջ դասարանները աւելի զարգացնել, արդիականացնել, դասընթացքներու մատուցումը աւելի հետաքրքրական դարձնել: Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն կարելի կ՛ըլլայ այդ բոլորը իրականացնել», յայտնեց Ա. Արմէնեան:

Ան նաեւ նշեց, որ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման առիթով հրատարակուած է յատուկ գրքոյկ, ուր տեղ գտած են գաղութին եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին աշխատանքներն ու ծրագիրները:

Այս գրքոյկին նպատակը եղած է անդրադառնալ գաղութի կազմակերպչական աշխատանքներուն, քոյր միութիւններուն, եւ այն մասին, թէ 1994-ին սկսած աշխատանք մը, որ օրին երազ կը թուէր, ինչպէս իրականացաւ 2013 թուին եկեղեցւոյ շինութեամբ: «Երբ կալուածը գնեցինք, շատեր չէին կրնար հաւատալ, որ պիտի իրականացնենք այս եկեղեցւոյ գաղափարը, բայց երբ տեսան խումբ մը հայորդիներու այս աշխուժ աշխատանքը, շատեր վստահութիւնը ունեցան իրենց նուիրատուութիւններով քաջալերելու մեզ եւ այս նպատակը յաջողցնել»:

Գաղութին ունեցած հիմնական մտահոգութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին խօսելով` ան ըսաւ, թէ սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր գաղութ տարբեր պայմաններու մէջ կ՛ապրի, տարբեր դժուարութիւններ եւ կարիքներ ունի: «Մեր դժուարութիւնը մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն անգլիախօս ըլլալն է, որ մեզ կը դնէ հայոց պատմութիւն, կրօն, հայկական ոգի փոխանցելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման: Այդ դժուար պայմաններուն մէջ հայկականութիւն պահելն ու փոխանցելը հիմնական եւ շատ կարեւոր են մեզի համար: Եկեղեցւոյ ծխական մարմինը մօտէն կը գործակցի թէ՛ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին եւ թէ՛ ՀՕՄ-ի «Շուշի» միաւորին հետ, ամէն տեսակի ձեռնարկ կամ նախաձեռնութիւն յաջողցնելու եւ շրջանի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ երիտասարդութիւնը յատկապէս մեր կառոյցներուն շուրջ համախմբելու համար: Ունինք Աստուածաշունչի սերտողութեան խումբ մը, որ ընդհանրապէս երիտասարդներէ բաղկացած է, Ս. Գիրքը կը սերտեն թէ՛ անգլերէնով եւ թէ՛ հայերէնով. ամէն ուրբաթ կ՛ունենանք ընկերային երեկոյ, շուրջ 40-50 անձեր կը համախմբուին, ընթրիք կ՛ունենանք, անկէ ետք կը կատարենք Աստուածաշունչի սերտողութիւն, համախմբում եւ այլն: Ըսեմ, որ բոլոր կարեւոր տօները կը նշենք, մեծ շուքով կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան ամեակները, կը հրաւիրենք մեր նահանգի քոնկրեսականները, ծերակուտականները, որոնք յաճախ անձամբ կամ ներկայացուցիչներով մասնակից կը դառնան: Թէեւ փոքրաթիւ գաղութ մըն ենք, սակայն կրնանք մեր ձայնը բաւական բարձրացնել»:

Ան կարեւոր նկատեց այն, որ այսօր պէտք է լրջօրէն մտածել այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգտագործել համացանցը, ընկերային ցանցերը, տարբեր կայքէջեր, որպէսզի երիտասարդութիւնը առաւել եւս կարելի ըլլայ մօտեցնել ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլ նաեւ` քոյր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն, եւ մասնագիտացած ձեւով մօտենալ դաստիարակչական ծրագիրներուն: «Օրինակ` այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ դժուար է հայերէն սորվեցնել թուղթ-մատիտով, ինչպէս նախապէս ըսի, պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք այսօր հետաքրքրուած են համակարգիչով, շատ աւելի հետաքրքրուած են այդ միջոցներով սորվելով: Ուրախ եմ ըսելու, որ Լոս Անճելըսի մէջ Շամլեան վարժարանին մէջ զարգացուցած են սմարթ պորտով հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան ու կրօնի դասընթացքներու մատուցումը: Այդ դպրոցին հետ մենք արդէն կապ հաստատած ենք, անոնք սիրայօժար կ՛ուզեն մեզի օգտակար ըլլալ, իրենց գիտելիքները մեզի հետ բաժնեկցիլ: Կը յուսամ, որ քաջալերուելով այս ժողովի կարեւոր որոշումներէն, վերադառնանք ու իրականացնենք այս կարեւոր կէտերը», դիտել տուաւ Ա. Արմէնեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )