Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Մագլցողական Քայլերու Կը Դիմեն
Ելեկտրական ընկերութեան սարակները երէկ դիմեցին մագլցողական քայլերու, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք փակեցին Քոռնիշ Նահըրի ճամբան եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան շրջափակին մէջ հրկիզեցին անիւներ:
Սարակներէն մէկը փորձեց նաեւ ինքզինք հրկիզել, սակայն ապահովութեան ուժերն ու Լիբանանեան կարմիր խաչը կրցան հակակշիռի տակ առնել անոր արարքը եւ արգիլել զայն:
Սարակները այս քայլին դիմեցին պահանջելով վաւերացնել զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու մասին օրէնքը:
Անոնք կոչ ուղղեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` պաշտպանելու իրենց իրաւունքը եւ 20 տարուան ծառայութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

