Հըզպալլայի Պատասխանատուներ Սայտայի Մէջ Արձանագրուած Դէպքերը Վտանգաւոր Կը Նկատեն

Շէյխ Նեպիլ Քաուք

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ սադրանքներու նախապատրաստութեան շրջագիծին մէջ կար լուրջ քայլ մը` այդ սադրանքները սկսելու Սայտայէն եւ հրկիզելու ամբողջ Լիբանանը:

Ան ըսաւ, որ Իրաքը եւ Սուրիան հրկիզող կողմերը այսօր կը փափաքին հրկիզել նաեւ Լիբանանը, նոյն ձեւերով, նոյն ֆինանսաւորումով եւ նոյն միջոցներով:

Շէյխ Քաուք խստիւ դատապարտեց Սայտայի դաւադրութիւնը նիւթող կողմերը եւ բոլոր մեղսակիցները:

«Մենք ճշմարտութեան բացայայտումը կը պահանջենք, ինչպէս նաեւ կը պահանջենք բացայայտել բանակին դէմ գրգռութիւններ հրահրողներուն ինքնութիւնը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իր կարգին յայտնեց, որ Ապրայի մէջ արձանագրուած դէպքերը շատ աւելի վտանգաւոր են, քան ինչ որ արձանագրուած էր պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ:

Ռաատ կոչ ուղղեց հակառակորդ կողմին ինքզինք հաշուետուութեան ենթարկելու` Ապրայի մէջ մէկուկէս տարի շարունակ իր գործած արարքներուն համար:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին այդ կարելիութեան. ան զգուշացուց բանակը առանց հրամանատարութեան պահելու հաւանականութենէն:

Share this Article
CATEGORIES