Ժեմայէլ Հըզպալլայէն Պահանջեց Վերադառնալ «Պաապտայի Յայտարարութեան»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հըզպալլայէն պահանջեց վերադառնալ «Պաապտայի յայտարարութեան»: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապին յաւելեալ միջամտութիւնը Լիբանանի, լիբանանցիներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն վրայ վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտները` աւելցնելով, որ խորհրդարանի լիագումարը յետաձգելու ենթահողը նոյնիսկ ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ տագնապին մէջ Հըզպալլայի միջամուխ ըլլալուն եւ երկրին մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումին:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:
CATEGORIES Լիբանանեան

