Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Յետաձգուեցաւ 16 Յուլիսին
Ինչպէս նախատեսուած էր, խորհրդարանի լիագումար նիստը կարելի չեղաւ գումարել` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:
Օրէնսդրական նիստէն բացակայեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկուան օրէնսդրական լիագումարը, իր նոյն օրակարգով, յետաձգեց 16, 17 եւ18 յուլիսին:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ինք պիտի չվաւերացնէ խորհրդարանին համար արտակարգ նստաշրջան մը բանալու հրամանագիր մը, որովհետեւ ինք յաւելեալ հարցեր չի փափաքիր ստեղծել:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք կը յարգէ Պըրրին եւ համոզուած է, որ խորհրդարանը օրէնքներ մշակելու իրաւասութիւն ունի, սակայն նաեւ անշեղ կը մնայ իր այն կեցուածքէն, թէ հրաժարեալ կառավարութեան օրով պէտք է վաւերացնել միայն անհրաժեշտ եւ անմիջական օրինագիծերը:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ամմար Հուրի եւ Ահմետ Ֆաթֆաթ ուղղուեցան խորհրդարան, սակայն անոնք ժողովասրահ մուտք չգործեցին:
Ընդհակառակն` Ֆաթֆաթ խիստ ցեխարձակումներ կատարեց Պըրրիի հասցէին: Ան շեշտեց, որ իր կարծիքով, Պըրրի խորհրդարանի չափաւորական նախագահ մը չէ, այլ` յանձնառու է Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր է զէնքին եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի քաղաքականութեան:
Իր կարգին, Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի խորհրդարանին դերակատարութիւնը ձախողեցնելու եւ անոր վրայ պայմաններ պարտադրելու:
Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Պըրրի կը հսկէ երկրին ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ իր կապերը լաւագոյնս կը պահէ, հակառակ քաղաքական այլ ուժերու հետ անոր ունեցած տարակարծութիւններուն:



