50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 30 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ Բ. ՄԱՐԶԱՀԱՆԴԷՍԸ
ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 20,000 ՀԱՆԴԻՍԱԿԱՆՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ ՓԱՌԱՀԵՂ
ՏՈՂԱՆՑՔԻՆ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԵՑԱՆ 12 ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
1500 ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՎ
Սարսուռ մը անցաւ աւելի քան քսան հազար բազմութեան հոգիէն, երբ բարձրախօսէն բանաստեղծին պատգամը, շքեղ տեսիլքի մը հանգոյն, պայծառ ապագային պատկերը կը տեսնէր այն պատանեկան կուռ շարքերուն մէջ, որոնց տողանցքով սկսաւ միջվարժարանային երկրորդ մարզահանդէսը, Մարզական աւանին մէջ, երէկ` կիրակի, 28 մայիս, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:
Ազգային ուսումնական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս փառահեղ մարզահանդէսին կը մասնակցէին Ճեմարանի եւ 11 ազգային վարժարաններու` Ս. Նշանի, Ս. Քառ. Մանկանցի, Աբգարեանի, Արամեանի, Կիլիկեանի, Լուսինեանի, Էհրամճեանի, Ս. Յակոբի, Մեսրոպեանի, Թորգոմեանի եւ Նուպարեանի 1500 աշակերտներ:
Օրուան թագուհին էր Մարկօ Խ. Պապիկեան, պատուոյ օրիորդները` Ալինէ Ամասեան, Ասդրիտ Աւետեան, Ճենիա Չերքեզեան, Տիանա Սեֆերեան, Նինա Տեմիրճեան եւ Անի Տէտէեան:
Մարզահանդէսին իր սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերէր ոստիկան-զօրաց նուագախումբը, որ ընկերակցեցաւ բոլոր չափական մարզանքներուն եւ առաջնորդեց տողանցքը:
Կարգապահութեան անթերի կերպով կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները` ղեկավարութեամբ սկաուտապետ Հայկ Պէյլերեանի, իսկ հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնները:
Նախքան մարզահանդէսին նկարագրութիւնը` մեր շնորհաւորանքի խօսքը կ՛երթայ տողանցքի եւ մարզանքներու ընդհանուր ղեկավար` մարզիչ` Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանին եւ անոր գործակիցներուն` Խ. Յակոբեանի, Ա. Ղուպիկեանի, Ա. Գալայճեանի, Մ. Պալըգճեանի, Կ. Կարպուշեանի, Հ. Թրթռեանի եւ Յ. Յակոբեանի, որոնք ամիսներու պատրաստութեամբ գլուխ հանեցին այս մեծ գործը, որ երէկ նուիրագործուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ մը:
Մարզահանդէսը սկսաւ ժամը ճիշդ 3:00-ին, աշակերտ-աշակերտուհիներու հսկայ տողանցքով: Դրօշախումբին ետեւէն, իւրաքանչիւր վարժարանի աշակերտութեան անցքին, ծովածաւալ բազմութիւնը խելայեղօրէն կը ծափահարէր, յատկապէս ներշնչուած բարձրախօսներէն` Խաչիկ Արարատեանի եւ Յովհաննէս Պէրպէրեանի արտասանած քերթուածներէն: Տողանցքը տեւեց մօտ կէս ժամ եւ իւրաքանչիւր վարժարանի աշակերտներ եկան ու տեղաւորուեցան նախապէս որոշուած գիծերուն վրայ` գունագեղ ծաղիկներու ծով մը կազմելով մարզաւանի դաշտին վրայ:
Յուզիչ էր պահը, երբ լիբանանեան ազգային քայլերգի նուագումէն ետք, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւնը եւ բոլոր աշակերտները, հիւրերն ու հանդիսականները պատուի առին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մարզահանդէսի ամէնէն տպաւորիչ մասը: Թմբուկներու ազդանշանին վրայ, փեթակներէն դուրս սլացող մեղուներու նման, պատանիներ եւ պարմանուհիներ վազեցին դաշտին կեդրոնը, ուր կազմուեցան լիբանանեան մայրի ծառը, երկու ծայրերը` լիբանանեան դրօշակներ, մէջտեղը` Մ. Վ. Մ. սկզբնատառերը (միջվարժարանային մարզահանդէս):
Ապա տեղի ունեցան յայտագրի վրայ եղող ողիմպիական խաղերը, ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներու եւ դատաւորներու հսկողութեան տակ:
Մէջ ընդ մէջ տեղի ունեցան գլաններով մարզանք, փլասթիք մարզանքներ եւ ամէնէն վերջը, 12 վարժարաններու մասնակցութեամբ, այս փառահեղ մարզահանդէսը վերջ գտաւ փակման ընդհանուր մարզանքով` ղեկավարութեամբ Յ. Տէր Յարութիւնեանի:
Ընդհանուր մարզանքէն ետք յայտարարուեցաւ օրուան ախոյեան վարժարանը: Այս պատիւին արժանացաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ վարժարանը, որուն մարզիկները զանազան մրցումներու մէջ ստացած էին առաւելագոյն կէտը: Օրուան անհատական ախոյեան հանդիսացան մանչերէն Ռուբէն Ասատուրեան (Աբգարեան) եւ աղջիկներէն` Անի Ունճեան:
Ախոյեան վարժարանի ներկայացուցիչը եւ օրուան երկու ախոյեանները, մարզիչներ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի եւ Խաչեր Յակոբեանի հետ ներկայացան պատուոյ թրիպիւնը, ուր ձեռամբ Մ. Պապիկեանի` ստացան ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ տրամադրուած բաժակները:
Այսպիսով, վարագոյրը իջաւ երկրորդ միջվարժարանային մարզահանդէսին վրայ` յաջորդ տարի գերազանց մարզահանդէսի մը հաւատքը ներշնչելով հանդիսականներուն: