Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ոեւէ մէկը լաւ աշխատանք մը կատարէ, գովեցէք զայն, որպէսզի քաջալերուի: Երբ սխալ մը նկատԷք եւ շուտով ըսէք, լաւն ալ ըսէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հոգ տարէք դուք ձեզի, խնամուած եղէք ինչպէս գործի ատեն, նոյնպէս` արձակուրդի ժամանակ, որպէսզի աւելի ազդեցիկ ըլլաք շրջանակի մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կը գտնուիք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ պիտի աւարտէք գործ մը ճիշդ իր ժամանակին: Պիտի զգաք գոհունակութիւն այս առիթով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տօնական հանդիպումի մը առիթը կայ ձեր դիմաց: Եթէ կը փափաքիք մասնակցիլ, անմիջապէս արտայայտեցէք ձեր փափաքը, ուրախ պիտի մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ձեռքին ունիք քարտ մը, որով կրնաք մասնակցիլ ձեր ասպարէզին պահանջած գործին: Անշուշտ հրաշքներ չկան, բայց կրնաք օգտագործել այս առիթը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւ գիրքեր ընտրեցէք այս ամառ ձեզի հետ ունենալու: Կարգ մը գիրքեր շատ օգտակար պիտի ըլլան ձեզի, ճիշդ ձեր ճաշակին համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Որոշում մը պիտի փոխէ ձեր առօրեան: Պիտի ունենաք նոր ընթացք` օգտակար եւ շահեկան: Կատարեցէք ձեր ծրագրին պահանջածը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Իւրաքանչիւր անձ ունի իր տեսակէտը, կեցուածքը` որոշ հարցի մը վերաբերեալ. բայց երբ երկխօսութիւն ունենայ, կը սկսի բացուիլ քիչ առ քիչ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին մէջ պիտի կարենաք կարգ ու կանոն հաստատել` ունենալու համար առողջ եւ սիրալիր կապ հարազատներու միջեւ: Օրը բարի է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վիպերգութիւն մը լուրջ բնոյթ պիտի ունենայ: Անկեղծ եղէք ձեր սիրոյ արտայայտութեան մէջ, որովհետեւ սէրը նուրբ զգացողութիւն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաձայնային կամ նամակով յարաբերութիւն պիտի ունենաք սիրելի անձերու հետ: Օրը պիտի անցնի հիանալի տրամադրութեամբ: Բախտաւոր էք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընտանիքին նկատմամբ պարտաճանաչ եղէք: Մնացէք սիրալիր եւ կատարեցէք այն, ինչ որ կրնաք ընել նիւթապէս եւ բարոյապէս:

