50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1963)
Խմբագրական
Օրինակելի Երեւոյթ
Անցած կիրակի, 30 յունիս, Լեռնալիբանանի 135 գիւղաքաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական կամ գիւղապետական ընտրութիւններ` ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ եւ աննախընթաց հետաքրքրութեան մթնոլորտի մը մէջ:
Գրեթէ ամէնուրեք կազմուած էին ընտրական ցանկեր, յատկապէս` տեղական մտահոգութիւններով, որոնց վրայ կու գային աւելնալ նաեւ երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող նկատումներ: Բայց առաջինները գերակշիռ դեր ունեցան թէ՛ ցանկերու կազմութեան եւ թէ՛ ընտրութեանց արդիւնքի տեսակէտէն, որովհետեւ կարգ մը շրջաններու մէջ կազմուեցան ցանկեր, որոնց զօրավիգ կը կանգնէին քաղաքական հակադիր հոսանքներ, որոնք նախորդ ընտրութիւններուն իրարու մրցակից եղած էին ու շատ հաւանաբար յառաջիկային ալ նոյն դիրքերուն վրայ գտնուին, ինչ որ 1960-ին:
Ընտրութիւնները ընդհանրապէս տեղի ունեցան տենդայոյզ մթնոլորտի մը մէջ, բայց` ապահովութեան ուժերու աչալուրջ հսկողութեան ներքեւ: Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ իր գոհունակութիւնը յայտնեց մէկ կողմէ մասնակցողներու լայն համեմատութեան, միւս կողմէ` լուրջ միջադէպեր պատահած չըլլալուն համար: Տեղի ունեցան միայն քանի մը աննշան կռիւներ, ինչ որ մաս կը կազմէ ընտրական համայնապատկերին եւ անխուսափելի է նման պարագաներու:
Գրեթէ ամէն տեղ, բացի քանի մը շրջաններէ, ուր մրցակից ցանկերու միջեւ ուժի տարբերութիւնը շատ մեծ էր, պայքարը եղաւ բուռն հակառակորդ կողմերու միջեւ:
Այս բոլորին մէջ, իբրեւ կարեւոր շրջան, բացառութիւն կազմեց միայն Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնը, ուր ընտրութիւններ տեղի չունեցան եւ ներկայացուած թեկնածուները ինքնաբերաբար ընտրուած հռչակուեցան ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Այս ուրախալի պարագան արժանի է մասնաւոր կերպով շեշտուելու` ցոյց տալու համար այն միասնականութիւնը, որ կը տիրէ շրջանի հայ բնակչութեան մօտ: Նման երեւոյթ մը առաւելաբար պատիւ կը բերէ հայ ժողովուրդին եւ վկայութիւնն է այն ոգիին, որ շրջանի մեր հայրենակիցները ցոյց կու տան ամէն անգամ, երբ մէկ մարդու նման կը մասնակցին ընտրութիւններու:
Նոյն ատեն, կը բարձրացնէ հայ ժողովուրդի վարկը յաչս լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ տեղացի ժողովուրդին, նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտ կարեւորութեան տեսակէտէն երրորդ տեղը կը գրաւէ Լիբանանի մէջ:
Օրինական պայմանաժամին Պուրճ Համուտի սահմանուած 14 աթոռներուն համար միայն 14 թեկնածուներ մնացած էին: Այդպիսով, ժողովուրդը արդէն իսկ կատարած կ՛ըլլար իր ընտրութիւնը, քաղաքապետական գործերու յանձանձումը յանձնելով անձերու, որոնք կը վայելեն Պուրճ Համուտի բնակչութեան անվերապահ վստահութիւնը:
Այս երեւոյթը գլխաւորաբար արդիւնք է այն գոհունակութեան, որ ժողովուրդը ունի իր քաղաքապետութեան եւ անոր խորհուրդը բաղկացնող անձերուն հանդէպ: Լաւատեղեակ Պուրճ Համուտի նման կարեւոր շրջանի մը կարիքներուն` անոնք անցնող տարիներու ընթացքին, ու մանաւանդ վերջին շրջանին, ոչ մէկ ջանք խնայեցին հայաշատ այդ կեդրոնին տալու համար այն դիրքը, որուն արժանի է ան` Լիբանանի հանրային եւ տնտեսական կեանքին մէջ:
Վստահ ենք, որ Պուրճ Համուտի հայ թէ արաբ բնակչութեան ամբողջական վստահութեամբ գօտեպնդուած, նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդը, իր նախագահով եւ անդամներով, այսուհետեւ առաւելագոյն չափով մը պիտի լծուի շրջանի բարեզարդման եւ բարգաւաճման աշխատանքին` յօգուտ Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ լիբանանեան հայրենիքին:
Սկաուտական Բ. Կարգի
Դասախօսութիւններ
Սկաուտները կը բաժնուին 5 կարգերու` նորընծայ, Բ. կարգ, Ա. կարգ, վկայեալ եւ Արարատեան: Այս կարգերը կը համապատասխանեն դպրոցական դասարաններու. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ գիտելիքներու ու ձեռավարժական աշխատանքներու ցանկը:
Սկաուտը իր տարած աշխատանքին ու կարողութիւններուն համեմատ, կարճ եւ կամ բաղդատաբար աւելի երկար ժամանակաշրջանէ մը ետք, կու տայ իր քննութիւնները եւ կը ստանայ իր անցուցած կարգին համապատասխան աստիճան:
Այս տարի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական Շրջանային խորհուրդը, հեռանկար ունենալով Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք 11-րդ միջազգային բանակումը, կազմակերպած էր Բ. կարգին դասախօսութիւններու շարք մը, որոնցմէ երեքը տեղի ունեցան 28 ապրիլ, 26 մայիս եւ 22-23 յունիսին: Այս վերջինը` բանակումի ձեւին տակ, Ատոնիսի շրջանին մէջ:
Դասախօսութիւններուն հետեւեցան 40 սկաուտներ զանազան շրջաններէ` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Թրիփոլի, Զահլէ եւ Այնճար:
Կանոնաւոր հետեւողութեամբ այս դասախօսութիւնները, որոնք տրուեցան խմբապետ եղբայրներու, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ դասախօսներու կողմէ, յանգեցան շատ մը դրական արդիւնքներու, որովհետեւ սկաուտը գիտակից իր պատւոյն վրայ տուած երդումին` խորապէս պիտի իւրացնէ իր աստիճանաւոր եղբայրներու սորվեցուցածները, կարենալ յաղթահարելու համար իր սկաուտական կեանքի դժուարութիւնները, առաւելաբար բանակումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ` առօրեայ մեր կեանքի դժուարութիւնները:

