«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտ` 1950-Ական Տարիներուն – Նոր Մարաշի Հայկական Վարժարանները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պուրճ Համուտի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատեցին 1930-էն սկսեալ, եւ յաջորդաբար կազմաւորուեցան Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Եոզկատ եւ Նոր Թոմարզա թաղամասերը: 1946-ի Հայաստան ներգաղթէն ետք շրջանը մասամբ կորսնցուց իր հայեցի դիմագիծը, երբ ներգաղթող հայերուն տեղ եկան բնակութիւն հաստատելու տեղացի արաբ ընտանիքներ: Նոր Սիսի կողքին, 1946-ի ներգաղթէն ետք կազմաւորուեցաւ Նապաա թաղամասը, ուր բնակութիւն հաստատեցին գլխաւորաբար հարաւցի շիի ընտանիքներ: Նոր Եոզկատ եւ Նոր Թոմարզա թաղերը հետագային միացուեցան Նոր Ատանայի: Աւելի ուշ կազմաւորուեցան Նոր Կիլիկիա եւ Արագած թաղամասերը:
Նշենք, որ Նոր Սիսի կողքին կը գտնուէր Իւչ Կէօզը (այսինքն` երեք ակ), որ հետագային կոչուեցաւ Նապաա: Գետակը կ՛անցնէր Նոր Սիս, Նոր Մարաշ եւ Թիրօ թաղերէն եւ կը հասնէր ծովափ: Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կառուցուած էր փոքրածաւալ քարաշէն կամուրջ մը, զոր կոչած էր Ճսըր Մուրատ, անունովը կամուրջին վրայ կրպակ ունեցող ֆոլքլորիք անձի մը` Մուրատին: Նշենք, որ 1990-ական տարիներուն գետին հունը ամբողջովին ծածկուեցաւ պեթոնապատ կառոյցով: Յիշեալ կամուրջին տարածքին վրայ այսօր ծաղկած է Պուրճ Համուտի հրապարակի պարտէզը:
«Ազդակ» տարբեր առիթներով եւ յատուկ թղթակցութիւններով անդրադարձած է Պուրճ Համուտի հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն, դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն: 16 յունուար 1954-ի թիւով եւ «Ազգային կեանքը Պուրճ Համուտի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Արիւնոտ փոթորիկի մը խլեակները` հազիւ երեք տասնամեակներ առաջ նետուած անծանօթ, այլ հիւրընկալ հողի մը վրայ, այսօր շէնշող քաղաքի մը վերածած է Պէյրութի Պուրճ Համուտը, որ նախապէս անմարդաբնակ եւ խոպան տարածութիւն մը եղած է:
Պուրճ Համուտը, փոքր քաղաք մըն է այսօր, որուն բնակչութեան մեծ մասը կը կազմէ հայութիւնը: Ներգաղթէն առաջ` բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնէր այս շրջանը, ուր կը պահուէին հայկական բարքերը` ժողովրդական մեծ զանգուածի մը մէջ: Սակայն հիմա, քիչ մը խաթարուած են հին սովորութիւնները: Յամենայն դէպս` Պուրճ Համուտը, ներկայիս Պէյրութի միակ արուարձանն է, ու հայութիւնը կ՛ապրի` զանգուածային: Այս պարագան կը շեշտենք, որովհետեւ մեծ դեր ունի ցեղապահպանման հարցին մէջ: Օտար երկրէն այցելու հայ մը` երբ կը տեսնէ հայ տղաք, լեցուն փողոցներու եւ դաշտերու մէջ` կը համակուի հպարտութեան յուզումով: Մանաւա՛նդ` երբ կը տեսնէ, ամէն առաւօտ հայ մանուկներ, երջանկութեան ժպիտը իրենց դէմքերուն, անհոգ ծիծաղով փողոցներէն կ՛անցնին, տասնէն աւելի դպրոցներուն դասարանները լեցնելու համար: Առաւօտեան աղօթքէն վերջ, մանկապարտէզի սրահի մը քովէն անցնող ոեւէ անցորդ` կանգ կ՛առնէ, պահ մը մտիկ ընելու համար իր աքսորեալ ցեղին զաւակներուն երգերը, որոնք ա՛յդ տարիքին մէջ իսկ` յոյսի լեռներ կը բարձրացնեն փոքրիկներու հոգիին մէջ:
Որքան ալ թշուառութիւնը կը մտրակէ այս շրջանի հայ մանուկներու ֆիզիքականը` ցեղին ձայնը կը խօսի բոլորին սրտին մէջ: Ամէն գիշեր յուզումի թատերավայր մըն է իւրաքանչիւր տուն: Հայ մայրեր` յաճախ անօթի իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն հպարտ ըլլալ կեանքի մէջ, իրենց անունով եւ հայրենիքով:
Պուրճ Համուտի դպրոցներուն այցելու մը կրնայ խօսիլ հայկական այն մթնոլորտին շուրջ` որ կը տիրէ այդ վարժարաններէն ներս: Հակառակ այս ափերուն վրայ կեանքի յաջողութեանց համար հարկ եղող գիտութեանց` մեր դպրոցներուն մէջ ամէնէն աւելի ուժ կը տրուի հայ լեզուին եւ կրօնքին, բոլոր տղոց երեւակայութեան մէջ անջնջելի կը մնան Հայոց պատմութեան հերոսները: Մանկապարտէզի աշակերտներէն մինչեւ շրջանաւարտները, մոլեգնօրէն կը պայքարին թրքախօսութեան դէմ: Հայ ընտանիքներէն շատերուն մէջ, 5-8 տարեկան փոքրիկները 10 դահեկան տուգանք կը գանձեն բոլոր անոնցմէ, որոնք հայերէն գիտեն եւ թրքերէն կը խօսին… ու ա՛յս` երեւոյթ մը, որ շատ լաւ կրնայ բացատրել ցեղային հարազատութեան ոգին, որ բոցավառած է բոլորին սիրտը:
Դպրոցներու աշխատանքները կ՛ամբողջացնեն թատերախումբերը, որոնք շարունակ հայկական կեանքին վերաբերեալ ներկայացումներ կը կատարեն: Ժողովուրդը խանդավառօրէն կը լեցուի ներկայացման սրահները, մանաւանդ` երբ գիտէ թէ գոյացած հասոյթը բարենպաստ ձեռնարկի մը կը յատկացուի:
ՀՄԸՄ-ը, իր սկաուտներով եւ մարզական զանազան ճիւղերով, կը խանդավառէ հայ երիտասարդութիւնը:
Հ. Օգնութեան Խաչը, հինգ մասնաճիւղեր ունի Պուրճ Համուտի մէջ, որոնց բոլորն ալ որեւէ ջանք չեն զլանար, ժողովուրդին բարօրութեան նկատմամբ կատարուող օգտակար ձեռնարկներու մէջ իրենց կարելին ընելու: Կանանց այս կազմակերպութիւնը, կոչուած է նորահաս աղջիկները դաստիարակելու եւ օգնելու չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն, որոնք ահռելի դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, դպրոցներէ ներս թէ դուրս:
Այս բոլոր կազմակերպութեանց մէջ` գուցէ ամենախանդավառն են, Պատ. Միութեանց անդամները: Ցարդ երեք Պատ. Միութիւններ գոյութիւն ունէին, մօտ 300 անդամներով, սակայն վերջերս երեք մասնաճիւղերը անբաւարար նկատուելով` կազմուեցաւ չորրորդ մը` «Խանասոր», «Արագած» թաղին մէջ եւ արդէն իսկ 80 անդամներ ունի: Նորաբողբոջ «Խանասոր»-ը` ՀՄԸՄ-ի երկրորդական ֆութպոլի խաղերուն մէջ, խլեց առաջնութիւնը, որ գովելի յաջողութիւն մըն է իրեն համար:
Թէեւ խանդավառ եռուզեռ մը կայ այստեղ, սակայն նիւթական տեսակէտէն, Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը թշուառ կեանք մը ունի, ընդհանուր առմամբ: Հարուստներ չկան այս շրջանին մէջ եւ բարեկեցիկներու թիւը սահմանափակ է:
Անցեալ տարի Պուրճ Համուտը ունեցաւ իր առանձին քաղաքապետութիւնը, որուն հետեւանքով փողոցները զգալիօրէն մաքրուեցան աղտեղութիւններէ: Ճամբաները սկսան նորոգուիլ, որ ցարդ համբաւաւոր էին անձրեւի ջուրերէն գոյացած ճախճախուտներով:
Պուրճ Համուտի իւրաքանչիւր թաղին, հայրենի քաղաքներու անունները որոշուած են բնակչութեան կողմէ. ասոնք ընդհանրապէս երեք մեծ շրջաններու կը բաժնուին, Նոր Մարաշ, Նոր Սիս եւ Նոր Ատանա»:
***
Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղին եւ հոն գործող վարժարաններուն անդրադառնալով «Ազդակ» 19 յունուար 1954-ի թիւով կը գրէր.
«Պուրճ Համուտի ամենաընդարձակ շրջանն է Նոր Մարաշը եւ իր բնակչութեան թիւը` արուարձանի հայերուն մեծագոյն տոկոսը կը կազմէ: Պուրճ Համուտի բնակիչներուն կողմէ շրջանին «մայրաքաղաք»-ը յորջորջուած է: Արդարեւ հայկական ամենամեծ թատերասրահը` «Գերմանիկ» կը գտնուի այստեղ, ինչպէս նաեւ շարժանկարի երեք սրահներ, հայկական անուններով (Արաքս, Քնար, Սեւան): Շրջանի բոլոր միութիւնները եւ դպրոցները իրենց ներկայացումներն ու հանդէսները կը կատարեն այս սրահներուն մէջ:
Նոր Մարաշի մէջ իւրաքանչիւր հայ յարանուանութիւն ունի դպրոց մը եւ եկեղեցի մը` կողքին: Ինչպէս բնակչութեան նոյնպէս ալ աշակերտութեան մեծագոյն տոկոսը հաւաքուած է այս շրջանին երեք դպրոցներուն մէջ:
Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարան
Ժողովարանին կից` երկյարկանի գեղեցիկ շէնք մը, Հայ Աւետ. Երկր. վարժարանը, բաւականաչափ ընդարձակ շրջափակով մը, ուր կրնան հանդարտօրէն իրենց զբօսանքը ընել, դպրոցին աշակերտները:
Ասիկա միակ երկրորդական վարժարանն է Պուրճ Համուտի ընդարձակ շրջանին մէջ, ուր գոյութիւն ունի ուսանողներու ահագին զանգուած մը: Հակառակ սակայն, այն բոլոր տուեալներուն` որոնցմով Աւետարանչականներու վարժարանը կրնայ իր յարկին տակ համախմբել Պուրճ Համուտի ուսանողները, Ազգ. վարժարաններու շրջանաւարտներուն շատ չնչին, գրեթէ աննշմարելի մէկ մասը իր ուսումը կը շարունակէ այս դպրոցին մէջ: Այս քանի մը աշակերտները, որոնց թիւը հազիւ թէ կը հասնի տասնեակի մը, գրեթէ բոլորն ալ աղջիկներ են:
Դպրոցին ընդհանուր աշակերտութեան թիւը կը հասնի 350-ի:
Ուսուցիչներու թիւը 16 է:
Տիրող պայմաններուն տակ` բնականաբար այստեղ ալ գոյութիւն ունի, բոլոր հայ վարժարաններու մտահոգութիւնը` պիւտճէին նկատմամբ: Աշակերտներու կրթաթոշակով, դպրոցին տարեկան ծախքին հազիւ 1-3-ը կը փակուի: Երեւոյթ մը` որ կը պարզուի երկու պատճառներով.-
Նախ` վարժարանը կը պատկանի փոքրամասնութեանց համայնքին, որուն պիտի համապատասխանէ աշակերտութեան թիւը:
Երկրորդ` այն վիճակը, որ կը տիրէ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մէջ` թշուառութիւնը:
Աւետարանչական կազմակերպութիւնները ջանք չեն խնայեր, կանգուն պահելու համար այս վարժարանը, որուն ամէն տարուան բացը կը հոգան: Ազնիւ առաջադրութիւն մը` սատարելու հայ մշակոյթին եւ անուան:
Վարժարանին մարզահանդէսն ու ամավերջի հանդէսները չնչին եկամուտ մը միայն կ՛ապահովեն, հակառակ անոր, որ միակ ձեռնարկներն են դպրոցին, ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ամէն շաբաթ կանոնաւորաբար կրկնուող մարզանքները իրենց բարերար ազդեցութիւնը ձգած են աշակերտներուն վրայ, որոնց առողջապահութեան նկատմամբ` չափազանց գոհունակութիւն կը յայտնէ դպրոցին տնօրէնութիւնը: Այս մարզին մէջ` մեծապէս օգտակար եղած է Հով. Գարակէօզեան հաստատութիւնը, իր յաճախակի դարմանումներով:
Վարժարանը Աւետարանչական հաստատութիւն մը ըլլալուն` ներքին կեանքը կ՛ընթանայ կազմակերպութեան հոգեբանութեամբ, որ էական պայմանն է ուսանողներու նկատմամբ:
Հայ. Կաթ. Մեսրոպեան Վարժարան
Պուրճ Համուտի հայ վարժարաններուն ամենաբախտաւոր աշակերտութիւնը կարելի է նկատել Մեսրոպեանի ուսանողները, որոնք հայ դպրոցներու ամենակատարելագործուած խաղավայրը ունին իրենց դպրոցական շէնքին առջեւ:
Նախապէս խաղավայրը շատ աւելի մեծ էր, այնպէս որ` երիտասարդ տղաք` իրենց ֆութպոլի մրցումներուն մեծ մասը այստեղ կը կատարէին: Վերջերս դաշտին մէկ մասը գրաւեց Ս. Փրկիչ գեղակառոյց եկեղեցին: Ամէն երկուշաբթի իրիկուն` բարձրախօսով, մէկ ժամ տեւող հայկական երգերու յայտագիր մը կը ձայնասփռուի:
Եկեղեցիին կից` կառուցուեցաւ Պէյրութի ամենագեղեցիկ պասքեթպոլի դաշտերէն մէկը, ուր յաճախակի հանդիպումներ կ՛ունենան շրջանի եւ նոյնի՛սկ քաղաքի խումբերը: Այս դաշտը կրնայ բաւական լուրջ դեր խաղալ ի նպաստ մարմնամարզին, որովհետեւ պասքեթպոլը ներկայիս ամենալրիւ մարզանքներէն մէկը կը նկատուի եւ այս դաշտը` առաջինն է Պուրճ Համուտի մէջ:
Մեսրոպեան վարժարանի վարչութիւնը ձեռնարկած է խաղավայրը ասֆալթելու աշխատանքին, որ շուտով կը վերջանայ: Այս ձեւով դպրոցին տղաքը կ՛ազատին ձմրան անձրեւէն գոյացած ցեխերէն ու աղտոտ ջուրերէն: Առողջապահական նկատումներով` դպրոցին խաղավայրը եզերուած է ծառերով, որոնք գեղեցիկ տեսարան մըն ալ կու տան վարժարանին:
Ըլլալով կաթողիկէ վարժարան մը` դպրոցին պաշտօնեաներուն մեծ մասը կազմուած է վարդապետներէ: Ուսուցիչներու թիւը կը հասնի 24-ի:
Վարժարանին տնօրէնն է` Մեսրոպ վրդ. Թերզեան, որ մեր հարցումին հպարտութեան եւ ինքնավստահութեան շեշտով մը պատասխանելով, ըսաւ.-
– Դպրոցին մէջ ամէնէն աւելի զարկ կը տրուի հայերէն լեզուին եւ Հայ. Պատմութեան: Աշակերտները կը սորվին նաեւ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը ընդհանուր աշխարհագրութեան զուգահեռ: Ասոնցմէ զատ անոնք կը պատրաստուին ֆրանսական սէրթիֆիքայի քննութիւններուն, որ նոյնպէս կարեւոր է վարժարանին վարկը պահպանելու համար:
Ինչպէս միւս դպրոցներուն մէջ` հոս ալ աշակերտներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը կազմուած է աղքատ ընտանիքներու զաւակներէն, որոնք դպրոցի պիւտճէին հազիւ կէսը ապահովելու կարելիութեան մէջ կը գտնուին: Այս մարզին մէջ` օտար հաստատութիւնները եւ Մխիթարեան հայրերը մեծապէս կ՛օժանդակեն, վարժարանի պահպանման համար թափուած ջանքերուն բերելով իրենց մասնակցութիւնը: Հակառակ արտաքին լայն օժանդակութեան` տակաւին, մօտաւորապէս 2800 ոսկիի տարեկան բաց մը կը մնայ:
Դպրոցէն ներս թէ դուրս` թրքախօսութեան դէմ պայքար կը տարուի աշակերտութեան կողմէ, այդ ախտը ընդմիշտ ջլատելու համար մեր ժողովուրդին մէջէն»:
***
Իսկ 20 յունուար 1954-ի թիւով «Ազդակ» առանձին թղթակցութեամբ մը անդրադարձած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգային երկսեռ վարժարանին:
«Նոր Մարաշի կեդրոնը բարձրացող Ս. Քառ. Մանկանց հոյակապ եկեղեցիին գմբէթը իր ստուերը կը ձգէ վարժարանին վրայ: Երբ ներս կը մտնենք երկաթեայ դռնէն` ծայր աստիճան մաքուր եւ սալայատակուած բակին մէջ, համատարած լռութեան մը ներքեւ կը լսենք դասարաններէն եկող աշակերտներուն ձայները: Քանի մը վայրկեան տեսչարանին մէջ սպասելէ յետոյ, կը հասնի դպրոցին տնօրէնը` Պր. Ս. Զաւէն:
Տեսչարանին կահաւորումը եւ դպրոցին շէնքը` այցելուին վրայ եւրոպական վարժարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգեն: Արդարեւ, կը գտնուինք Պուրճ Համուտի ամենաշքեղ վարժարանին մէջ, ուր կը յաճախեն աւելի քան 650 աշակերտներ: Լիբանանի հայկական որեւէ դպրոցին մէջ աշակերտութեան թիւը տակաւին չէ հասած այս քանակին:
Կը հարցնենք` թէ ի՞նչ է պատճառը, որ աշակերտութիւնը այսքան շատ է դպրոցին մէջ:
– Անշուշտ, կ՛ըսէ տնօրէնը, դպրոցին մաքրութիւնը եւ գեղեցկութիւնը իրենց նպաստաւոր դերը ունին, սակայն շրջանին ընդարձակութիւնը թերեւս ամէնէն աւելի խօսուն պատկերն է անոր, թէեւ այս տարի աշակերտներ ունեցանք նաեւ այլ դպրոցներէն. ա՛յս ալ` կրնանք ըսել որ ուսուցչական զօրաւոր կազմի մը արդիւնքն է:
Աշակերտութեան բազմութեան պատճառով պաշտօնէութիւնը զուգահեռ դասարաններ կազմած է, նոյնիսկ քանի մը դասարաններ 3-ի բաժնուած են:
Հակառակ սակայն բազմաթիւ աշակերտութեան, այս վարժարանը զուրկ է իրեն յարմար խաղավայրէ մը: Թաղականութիւնը կը մտածէ բարձրագոյն երկու կարգեր եւս հաստատել, սակայն անցեալ տարի ժողովուրդին օժանդակութեամբ դպրոցին կցուած երկյարկանի շէնքն ալ ամբողջութեամբ լեցուելէ զատ` տակաւին քանի մը դասարաններ կազմուած են եկեղեցիին վերնատան եւ գաւիթին մէջ, մանկապարտէզի աշակերտներուն համար:
Մանկապարտէզի 9 դասարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն 9 ուսուցչուհիներ եւ վարիչ մանկապարտիզպանուհի մը` օրդ. Նուարդ Պէրպէրեան:
Նախակրթարանը ունի մնայուն 5 ուսուցիչ եւ 8 ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ զանազան լեզուներու համար` 7 այցելու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Որով` պաշտօնէութեան ընդհանուր թիւն է` 31 հոգի: Թաղականութենէն յետոյ դպրոցին մէջ ամէնէն աւելի սան-սանուհի պահող միութիւնը Հայ Օգնութեան Խաչն է (70 սան): Կան քանի մը Հայր. Միութիւններ եւ անհատ բարերարներ, որոնք իրենց փոքր օժանդակութիւններով կը միանան վարժարանին պիւտճէն ապահովելու կոչուած թաղականութեան աշխատանքներուն:
Աշակերտութեան առողջական վիճակը զգալապէս բարելաւուած է: Ըստ դպրոցի տնօրէն Պր. Սեդրակ Զաւէնի, տարիներ առաջ աշակերտներուն կէսը թրոքոմա ունէր, հիմա` հազիւ 5 առ հարիւրը: Այս առթիւ դպրոցը իր մասնաւոր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Գարակէօզեան հաստատութեան:
Միջին հաշուով շաբաթը նախակրթարանի աշակերտներէն 3-4 բացականեր կ՛արձանագրուին որպէս հիւանդ եւ մանկապարտէզէն` 5-6: Բացակայողները ընդհանրապէս աղքատ ընտանիքներու զաւակներն են, որոնք զուրկ ըլլալով բաւարար սնունդէ, ձմրան ցուրտին պատճառով յաճախակի թեթեւ հիւանդութիւններ կ՛անցընեն: Այս նպատակով ՀԲԸՄ-ը փոքրերուն առաւօտեան կաթ կը բաժնէ, որմէ կ՛օգտուին 175 աշակերտներ:
Այս վարժարանին մէջ աշակերտներ կան, որոնք դժուարութեան կը մատնուին գտնելու համար իրենց առօրեայ սնունդը: Հայ Օգն. Խաչի Պնակ մը կերակուրի դրութիւնը 60 աշակերտներ կը կերակրէ, որուն պակասով չքաւոր ընտանիքներու զաւակները յաճախ պիտի ստիպուէին անօթի դպրոց գալ:
Նոր Մարաշի Ս. Քառս. Մանկանց Ազգ. վարժարանին մէջ, մանկապարտէզի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն մանչերը, սակայն երբ կը հասնին աւարտական դասարան` աղջիկներու թիւը գլած անցած է արդէն մանչերը: Այս երեւոյթին պատճառները քրքրելով` ականատես եղանք դժբախտ երեւոյթի մը.-
Երբ տղաքը կը հասնին 4-րդ դասարան` սովորաբար թշուառ ընտանիքները չեն կրնար հոգալ անոնց դպրոցական ծախսերը, որով, խեղճ տղաքը ստիպուած կ՛ըլլան դպրոցը լքել` նետուելու համար կեանքի ասպարէզին մէջ: Խղճալի թիւ մը կը կազմեն այն ընտանիքները` որոնք իրենց թշուառութեան մէջ մինչեւ Զ. դասարան կը շարունակեն հոգալ իրենց զաւակներուն ծախսերը:
Երկրորդական վարժարաններ յաճախելու համար բարերարներ գրեթէ միշտ կարելի է գտնել: Այս տարի բացառաբար 20 շրջանաւարտներուն 11-ը կը շարունակեն իրենց ուսումը:
Եթէ կարելիութիւն ըլլայ այս դպրոցին վրայ աւելցնել բարձրագոյն երկու կարգեր եւս, աւելի շատ կ՛ըլլայ իրենց ուսումը շարունակող աշակերտներուն թիւը:
Վարժարանը ժամանակին ունեցած է նաեւ Շրջանաւարտից Միութիւն մը` որ ներկայիս լուծուած է թաղականութեան կողմէ»:



