«Ես Հայ Ընկեր Մը Չունեցայ Կեանքիս Մէջ»

Նեսրին Եըլմազ ստորագրութեամբ «Ինթերնեթ-Հապեր» կայքէջին վրայ կը կարդանք` «Մա՛յր, ամբողջ կեանքիս մէջ ես հայ ընկեր մը չունեցայ» խորագրեալ սրտախօսիկ գրութիւն մը: Կու տանք թարգմանաբար.

Երբ ես մանուկ էի, նոյն թաղամասին մէջ քիւրտ ընկերներ ունէի:

Մեծնալէ վերջ է, որ իմացայ, թէ անոնք քիւրտ էին:

Աւելի վերջ մեծցայ լազ, չերքեզ, ալեւի, սիւննի, ամերիկացի, գերման եւ տակաւին ինչ-ինչ ժողովուրդներէ ընկերներու հետ: Կեանքիս ամէն վայրկեանին այդպիսի ընկերներ ունեցայ:

Քիւրտ ընկերներու հետ պետական կացարաններու մէջ մեր գլուխները դրինք նոյն բարձին վրայ:

Ամբողջ կեանքիս մէջ երբեք չլսեցի, որ մարդոց ցեղային ինքնութեան մասին վճիռներ արձակուէին, փնտռտուքներ կատարուէին:

Փա՛ռք Աստուծոյ, մենք մեծցանք մարդասիրական զգացումներով, այլ ո՛չ թէ` ցեղապաշտ մերձեցումով:

Բայց իմ շրջանակիս մէջ կամ մեր փողոցներուն մէջ շարունակ լսեցի այդ նողկալի խօսքը:

«Հայկական սերմ» կ՛ըսէին մեր մեծերը, երբ մէկու մը բարկանային: Այդ վայրկեաններուն բնաւ չէի հասկնար, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէին անոնք եւ մինչեւ այսօր ալ սա ցաւը կը զգամ:

Հայրիկ, ես ինչո՞ւ հայ ընկեր չունեցայ:

Քանի մը օր առաջ Եըլտըզի թեքնիք համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ահմեթ Աթան «թուիթ» մը ղրկեր է իր ընթերցողներուն:

«Եթէ հրեայ, հայ կամ յոյն էք, հասկացողութեամբ կը դիմաւորեմ Կեզի հանրապարտէզին մէջ ձեր գործօն դեր խաղալը: Խնդրեմ` պրպտեցէք ձեր ցեղային անցեալը»:

Այս երկրին մէջ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ է թիւը ցեղապաշտ մարդոց: Բայց գիտեմ, որ կան խեղճեր, որոնք հայ անունը առած են նախատինքի իրենց գրականութեան մէջ:

Այս երկրին մէջ կան մարդիկ, որոնք այնքան վատասերած են, որ ժողովուրդ մը կրնան նախատել: Այս երկրին մէջ կան մարդիկ, որոնք հայ ըլլալն իսկ պատճառ կը նկատեն, որպէսզի ան սպաննուի:

Իբր թէ ժողովրդավարութեան կողմնակից մարդը, իբր թէ խաղաղութեան կողմնակից մարդը խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար ինքզինք արդարացնելու ձեւ մը կը գտնէ հայը վատասերած նկատելով:

Մինչդեռ բուն վատասերածը ան է, որ մարդուն ինքնութեան նայելով զայն դասակարգի մը մէջ կը դնէ:

Բուն վատասերածը ան է, որ հայը, յոյնը, հրեան կը նուաստացնէ:

Բուն վատասերածը ան է, որ ցեղերէն մէկը գերիվեր նկատելով` միւսները կ՛արհամարհէ:

Բուն վատասերածը ան է, որ այս հողերու վրայ ապրող փոքրամասնութիւններուն կը սպառնայ:

Չեմ գիտեր, թէ այս երկրի լաւագոյն համալսարաններէն մէկը աւարտած սա մարդը գիտէ՞, թէ՞ չի գիտեր, որ բուն վատասերածը ան է, որ աստուածավախ ըլլալ կը ձեւանայ ու Աստուծոյ ստեղծած մարդիկը կ՛արհամարհէ:

Այո՛, կեանքիս կէսը ապրեցայ արդէն, բայց մինչեւ այսօր ես հայ ընկեր մը չունեցայ:

Բայց այլեւս վստահ եմ, որ ունեցած եմ բազմաթիւ ընկերներ, որոնք վախցած են ըսելու, որ հայ են: Անոնք այս կեղտոտ ասութիւններէն վախնալով ապրեցան, այս կեղտոտ ցեղապաշտութենէն, ով գիտէ, ինչպիսի վախերով է, որ գիշերները մտան իրենց անկողիններուն մէջ:

Իրաւ ալ, անոնք ի՞նչպէս ըսէին, թէ հայ են, երբ հրապարակին վրայ այսքան քինախնդիր եւ ատելավառ մարդիկ կը հաջեն կը կենան:

Share this Article
CATEGORIES