Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սերտողութեան Պահը

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Չե՛մ գիտեր այժմ, բայց մեր ատենին
Սերտողութեան պահ կար դասարանին.
Վերջին մէկ ժամը, որմէ ետք ցրուում,
Պայուսակ շալկած ամէն ոք իր տուն:
Միայն Սուրէնը չունէր պայուսակ,
Դասարանին մէջ ունէինք դարակ.
Գիրք չէր տաներ տուն, ձեռքերը պարապ`
Ո՛չ գիրք, ո՛չ տետրակ, ո՛չ ալ գրչատուփ,
Ան կ՛երթար մենակ, ինք իր մէջ ամփոփ.
Սերտողութեան պահն` լաւ օգտագործած
Գիրն ու դասերը ան վերջացուցած:
Կը նախանձէինք, եւ որքան ուժգին,
Քանզի «պաս» չկար, ոտքն էր մեր ուսին.
Գոնէ կռնակի պայուսակ ըլլար
Երբ մեր կտրելիք ճամբան էր երկար.
Չէին մտածած, հիմա հասարակ.
Սա էր մեր ատեն դպրոցական կեանք:
Սուրէն կը սուրար ազատ համարձակ
Երբ մեր ուսերը կքած բեռի տակ.
Երանի չէ՞ք տար շալակնիդ պարապ`
Մանաւանդ անձրեւ գայ տեղատարափ:
Կը զարմանայինք` կէս ժամ դասերուն,
Միւս կէս ժամուան մէջ` պարտականութիւն.
Ինչպէ՞ս կը փակէր ան ծայրը ծայրին
Երբ թանկ ժամն իր` մեզ պահ էր ձանձրոյթի,
Մտքերնիս ցրուած, փորով անօթի,
Հսկիչ ուսուցիչն ալ տարուած քունի:
Խանգարիչ խօսքեր կ՛ուղղէինք տղուն,
Իսկ ան անայլայլ` թաղուած դասերուն
Ցոյց չէր տար երբեք որեւէ բեկում:
Մեր նախանձին մէջ կար չար մտածում.
– Երբ մենք ճաշէն ետք նստինք սորվելու
Ան ազատ ժամեր ունի խաղալու:-
Համբերութիւննիս գագաթնակէտին`
Ինչ ըրինք չըրինք, կռիւ փրցուցինք.
Սուրէն չկրցաւ սերտել դասերն իր,
Արցունք կը հոսէր իր աչքերէն ժիր.
Գիրքեր տուն տանի թէ՞ երթայ գործի,
– Դպրոցէն գործի կ՛երթար ուղղակի –
Երկընտրանքին մէջ երկրորդն էր յարմար.
Պարապ ձեռքերով գնաց ան, դարձեալ,
Քանզի գիշերը տան մէջ լոյս չկար,
Գործէն ալ փախչիլ հաշիւին չէր գար:
Այսպէս երբ տեղեակ դարձանք գաղտնիքին
Շատ զղջացինք մեր կերած ապուրին:
Այդ օրէն Սուրէն դարձաւ արժանի
Մեր հիացմունքով լեցուն յարգանքի.
Սորվեցանք իրմէ կամք ընել ամուր
Սերտողութեան պահն չվատնել ի զուր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES