Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՄՈՀԱՄԵՏ Հիւսէյն Ֆատլալլա»-ի անուան գրասենեակին համաձայն, երեքշաբթի, 9 յուլիս 2013-ը կը զուգադիպի Ռամատանի առաջին օրուան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի պաշտպանը, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` կերտելու համար լիբանանեան պետութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սպանական դեսպանատունը երէկ յայտարարեց, որ Պէյրութ-Պարսելոնա ուղղակի թռիչքներ պիտի սկսին` շաբաթը երկու անգամուան դրութեամբ: Պէյրութէն Պարսելոնա թռիչքները պիտի կատարուին երեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, իսկ Պարսելոնայէն Պէյրութ` երկուշաբթի եւ ուրբաթ օրերը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային կարճ հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերական կապերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշինքին էութեան վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանանի շիի համայնքը իր կարգին Հըզպալլայի արարքներուն հետեւանքները պիտի կրէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ իրենք խորհրդարանի լիագումարին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած են` նկատի ունենալով անոր քննարկելիք օրակարգը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին քննադատեց խորհրդարանին որոշումը իր մենաշնորհը դարձնելու եւ իշխանութեան Ա. եւ Գ. պետերուն իրաւասութիւնները իւրացնելու յանցանքով:

ԹԱՈՒՀԻՏ կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիամ Պըրնզի Լիբանան այցելութիւնը մաս կը կազմէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ դաւադրութեան շրջագիծին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը մնայուն կերպով պաշտպանած է Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իրենց կեցուածքին:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը քաղաքական է եւ ապահովական, իսկ իրենք ունին մեծամասնութիւն մը, որ կը զօրակցի այդ կարելիութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ այս հանգրուանին անկարելի է կազմել կառավարութիւն մը, որուն մէջ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր եւ նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքեր Ապրայի զինեալ բախումներուն ընթացքին չեն սպաննուած:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիամ Պըրնզ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ քննարկեց այն պայմանները, որոնք յանգեցան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նպատակն է ընդգծել, որ պաղեստինցի գաղթականները ոչ մէկ ձեւով միջամուխ եղած են միջլիբանանեան բախումներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար մը նշանակելու յատուկ մեքանիզմ մը կայ եւ այդ մեքանիզմը պէտք է անպայման գործադրել, ինչպէս նաեւ աստիճանաւորումը յարգել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )