Քըրթպաուի – Տաուք Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս

Տաուք եւ Քըրթպաուի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք երէկ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան լրատուամիջոցներուն ու մամուլին լուսարձակներէն հեռու դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ քաղաքացիական անվտանգութեան ամրապնդումին:

Տաուք յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տեղեկատուութեան մարզին եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դատաւորներուն մտավախութիւնները, յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Քըրթպաուիի համար մտահոգութիւն էր լրատուամիջոցներուն կողմէ դատական իշխանութիւններուն դէմ գործուած յարձակումը:

Տաուք նշեց, որ իրենք այս հանդիպումին նախաձեռնած են` նկատի ունենալով անցեալ շաբթուան սադրանքները: Ան հաստատեց, որ երկրին լրատուական մարզը, պահելով հանդերձ խօսքի ազատութիւնը, պիտի պահպանէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Իր կարգին, Քըրթպաուի շեշտեց մամլոյ ազատութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով նաեւ ազգային պատասխանատուութեան գիտակցելու կարեւորութիւնը:

Քըրթպաուի շեշտեց քաղաքացիական ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` խստիւ դատապարտելով այն իրականութիւնը, որ տեղեկատուական մարզը համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ կը հրահրէ:

Քըրթպաուի աւելցուց նաեւ, որ տեղեկատուական մարզը պէտք չէ լուսանցքայնացնէ դատական իշխանութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES