Ռայի Պատրիարքը Ցաւակցութիւն Յայտնեց Զօր. Քահուաժիի
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Ապրայի մէջ նահատակուած բանակայիններուն համար:
Ռայի պատրիարքը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց բանակին` բարձր գնահատելով անոր հսկայ զոհողութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ խաղաղութեան պաշտպանութեան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն անխտիր նեցուկ կանգնելու լիբանանեան բանակին, որ իր կառոյցով եւ դերակատարութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ երկրին փրկութեան լաստը:
CATEGORIES Լիբանանեան


