Զօր. Աուն. «Կը Մերժենք Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահելէ ետք Ռապիէի մէջ գումարուած համախմբումի ընթացիկ նիստին յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին մասին իրենց կեցուածքը սկզբունքային է: «Ինչպէս որ  մերժած ենք ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, նոյն սկզբունքով կը վարուինք նաեւ այլոց հետ, իսկ խորհրդարանը մնայուն կերպով նիստեր կը գումարէ` խախտելու համար օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը», ըսաւ զօր. Աուն:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով ոչ մէկ քայլ կ՛արձանագրուի: «Իւրաքանչիւրը թուականի մը մասին կը խօսի, իսկ լիբանանեան պետութիւնը պետութիւններու վերածուած է, ուր իւրաքանչիւրը ունի իր իրաւունքները, զոր ապահովուած կը նկատէ», հաստատեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները լարուած չեն:

Զօր. Աուն Ընդունեց Դեսպան Ասիրին

Դեսպան Ասիրի, զօր. Աուն եւ Պասիլ

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ, զօր. Աուն իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցի պատասխանատուներուն վերջ տալու տարակարծութիւններուն եւ լարուածութեան, ինչպէս նաեւ դիմելու ազգային երկխօսութեան:

Ասիրի շեշտեց, որ իր այցելութիւնը խորհրդակցական բնոյթ ունի եւ կը համընկնի Լիբանանի ազգային միասնականութեան ու բոլորին միջեւ երկխօսութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին նախանձախնդրութեան:

Ասիրի շեշտեց, որ Ռապիէ իր այցելութիւնը առաջինը չէ եւ վերջինն ալ պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ զօր. Աունի կողմէ Սէուտական Արաբիա այցելութիւն մը ողջունելի է Ռիատի համար:

«Զօր. Աունի հետ մեր յարաբերութիւնները երբեք չեն խզուած եւ մենք Լիբանանի վերաբերող հիմնական սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովութեան գծով համակարծիք ենք», ըսաւ Ասիրի:

Share this Article
CATEGORIES