Դաւթաշէնի Մէջ Բնակարան Ձեռք Բերելու Համար Արձանագրուած Է 200 Սուրիահայ

Վահան Վարդանեան

«Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամի նախագահ նախագահ Վահան Վարդանեան յայտնեց, որ Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ կառուցուելիք շէնքին մէջ բնակարան ստանալու համար այս պահուն արձանագրուած են 200 սուրիահայ ընտանիքներ:

Նախապէս յայտարարուած էր, որ դիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը 1 յուլիսն էր: Սակայն Վարդանեան ըսաւ, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ տակաւին բազմաթիւ սուրիահայեր կը դիմեն, կը ցանկան արձանագրուիլ նոր կառուցուելիք բազմաբնակարան շէնքէն բնակարան ստանալու համար, ուստի նախապէս նշուած վերջնաժամկէտը, որով կը նախատեսուէր արձանագրուիլ մինչեւ 1 յուլիս, երկարաձգուած է:

Ըստ Վարդանեանի, դիմումներու ընդունման հանգրուանին պիտի յաջորդէ արդէն կառուցուելիք շէնքի նախագիծի կազմութիւն եւ անկէ ետք պիտի յստականայ, թէ ե՛րբ պիտի սկսի շէնքին կամ շէնքերուն շինարարութիւնը, ե՛րբ պիտի աւարտի եւ ի՛նչ պիտի արժէ:

Նշենք, որ ըստ «Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամին եւ Երեւանի քաղաքապետին հետ համաձայնութեան, քաղաքապետարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է բնակելի շէնքին համար տրամադրել հողատարածք` Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ: Հիմնադրամի նախագահը յայտնեց, որ այս պահուն հողայատկացման աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

Նախապէս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարած էր Աշտարակ քաղաքին մէջ «Նոր Հալէպ» թաղամասի ստեղծման մտադրութեան մասին: Այստեղ բնակարան ստանալու համար արձանագրուած են շուրջ 600 ընտանիքներ, որոնք պատրաստ են վճարելու բնակարանի արժէքին մինչեւ 50 առ հարիւրը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )