Պռօշեանի Մէջ Սկսաւ Նախընտրական Քարոզարշաւը

Երէկ սկսաւ 14 յուլիսին Կոտայքի մարզի Պռօշեան համայնքին մէջ տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւը, որ, ըստ ընտրական օրէնսգիրքին, պիտի աւարտի ընտրութիւններէն օր մը առաջ:

Նշենք, որ 4 արձանագրուած թեկնածուներ կան` Հայաստանի նախագիծերու պետական արտագերատեսչական փակ բաժնետիրական ընկերութեան գլխաւորի մասնագէտ, ինքնառաջադրուած Ալեքսան Ալեքսանեան, «Տելիքթ» ընկերութեան տնօրէն, անկուսակցական ինքնառաջադրուած Ցոլակ Գրիգորեան, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն ինքնառաջադրուած Արթուր Մուրադեան, ՀՅԴ-ի անդամ, ինքնառաջադրուած Վովա Սահակեան, որ Պռօշեանի համայնքի ղեկավարի տեղակալն է:

5-րդ թեկնածուն` անկուսակցական, ինքնառաջադրուած Պռօշեանի գիւղապետարանի կրտսեր մասնագէտ Գալուստ Մկրտչեան, յետս կոչած է իր թեկնածութիւնը:

Նշենք, որ 2 ապրիլին անյայտ անձի մը կրակոցէն սպաննուած էր Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան:

Երէկ Մուրադեանի յիշատակին տեղի ունեցաւ մոմավառութեան երեկոյ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ Կանայեան» կառոյցին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը յայտնեց, որ մոմավառութեան օրը ընտրուած է հաշուի առնելով, որ երէկ լրացաւ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան երրորդ ամիսը եւ ըստ անոր անձնագրային տուեալներուն, նախանցեալ օր սպաննուած գիւղապետին 50-ամեակն էր:

Մոմավառութեան երեկոյին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք յաջորդ թիւով:

Share this Article
CATEGORIES