ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԻ ԳԵՐԱՍՏՂԸ…

Սիրելի՛ ընթերցող, հին ժամանակներէն սկսեալ աշխարհը եւ աշխարհիկը հակադրուած են եկեղեցիին ու եկեղեցականին, թէեւ երկուքն ալ միասին կան ու պէտք է ըլլան մարդկութեան բարիքին համար:

Այս իմաստազուրկ հակադրութենէն գոյացած բազմաթիւ հարցումներէն է հետեւեալը. «Ինչո՞ւ աշխարհը պիտի ունենայ իր աստղերը, եւ եկեղեցին ո՛չ…»: Արդի աշխարհին աստղը այս երգիչը կամ այն դերասանուհին է, իսկ եկեղեցիին աստղն է ընդհանրապէս այս քահանայապետը, կաթողիկոսը կամ այն քարոզիչը, սրբակեացը, մահէն ետք հռչակեալ այս սրբուհին կամ այն սուրբն է…:

Ուստի եկեղեցին ալ ունի, միշտ ունէր եւ պիտի ունենայ իր աստղերը. անոնց ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցողներէն մին է, անկասկած, Ս. Ռիթա Քաշիացի (1380/81-1457) իտալացին, որուն տօնը ամէն տարի կը կատարուի մայիս 22-ին:

«Նոր կարգ»ի կամ համաշխարհայնացումի այս մեր ժամանակներուն մէջ ոչ միայն հետաքրքրական է, այլ նաեւ անհրաժեշտ է անդրադառնալ այս աստղ-անձնաւորութեան մասին, որ իբրեւ օրիորդ, կին, մայր, կուսան, մայրապետ ու նուիրեալ` անցաւ թէ՛ աշխարհիկի եւ թէ՛ եկեղեցականի կենսափուլերէն…:

Այս անցնումը չդիպեցաւ առանց դժուարութեան. ընդհակառա՛կն, օրիորդ-կին-կուսան հանգրուանները յատկանշուեցան Ռիթայի իւրայատուկ բարեմասնութեամբ, որ է գիտակից զիջումը, գործօն հնազանդութիւնը, օգտաւէտ համակերպումը: Այս հոգեմտաւոր յատկութիւնը գործադրեց իր ծնողական երդիքին տակ, իր ամուսնական կեանքին մէջ եւ իր վանական հասարակութեան մէջ` միշտ ըմբոշխնելով ներքին ինքնազոհումի բաւարարութիւնը եւ ընթանալով ազատագրումի ուղիէն…:

Դեռ այսօր ալ Ռիթա կը գործադրէ այս առաքինութիւնը, երբ կ՛անսայ Աստուծոյ հրահանգին` ազնուօրէն միջնորդելու հրաշքներով` իրեն դիմողներուն համար, եւ այն` ամբողջ աշխարհի տարածքին: Իր համամարդկային հրաշագործութիւններով Ս. Ռիթա ոչ միայն կը վաւերացնէ ժողովուրդէն իրեն տրուած «Անկարելիին սրբուհին» ու «Կորսուածին փաստաբանուհին» տիտղոսները, այլեւ կը հանդիսանայ այն աշխարհաքաղաքացին, բոլոր երկիրներուն եւ ազգերուն պատկանող անձը, զոր այսօր անվարանօրէն յորջորջելու ենք գերաստղը համաշխարհայնացումին…:

Այո՛, համաշխարհայնացումին գերաստղը, որ սակայն եսակենդրոն, ինքնահաւան, անձնասէր ու քմահաճ չէ երբեք, այլ միշտ մարդամօտ ու մարդասէր է, մարդօգուտ ու մարդակերտ է:

«Նոր կարգ»ը կամ համաշխարհայնացումը, որքան ալ ներկայակերտ ու խոստմնալից կը շեփորուի, ըստ իս, տկարին յաղթահարումն է աւելի հզօրէն ու փոքրին ստրկացումը աւելի մեծէն, ինչպէս ալ մարդկայնականութեան աղաւաղումն է, արժէքին ընդհանրացումն է, արժանիքին մակերեսայնութիւնն է, սիրոյ հասարակացումն է, բարոյականին վատթարացումն է ու հաւատքին պաղեցումն է, եւ այն` մարդելո՛յզ, մարդախա՛նձ ու աշխարհակործա՛ն…:

Մինչ համաշխարհայնացումին գերաստղը ոչ միայն կ՛ուրախացնէ եւ կ՛երջանկացնէ մարդը, կ՛օգնէ անհատին ու հասարակութեան, այլ նաեւ կը զօրացնէ տկարը, կը կարեւորէ արժէքաւորը ու կը գնահատէ արժանին` ամէնուրեք սփռելով մարդակե՛րտ բարոյականը, յաղթակե՛րտ սէրն ու յաւերժակե՛րտ հաւատքը:

Ըստ իս, «Նոր կարգ»ը կամ համաշխարհայնացումը նաեւ հայաջինջ ու հայակուլ ընթացքն է, որուն հայերուս դիմադրութեան մէջ իբրեւ օգնական կը ներկայանայ Ս. Ռիթա, զոր կը սիրեմ յորջորջել «հայասէր»: «Հայասէ՞ր»…: Ինչո՞ւ…:

Տեսածովս ու լսածովս կը պատասխանեմ եւ կը վկայեմ: Լիբանանի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ սփիւռքահայեր ու հայաստանցիներ մայիս 22-ը կը տօնեն աներեւակայելի բերկրանքով. «Վարդապե՛տ,- կը հարցնէր ինծի լատինածէս ժողովրդապետը Հոլիվուտի մէջ,- ուրկէ՞ է հայերուն այս աչքառու ջերմեռանդութիւնն ու սէրը Ս. Ռիթային հանդէպ, որուն խորանն ու բոլորտիքը երեք օրեր շարունակ կը վերածեն ծաղկաստանի` եկեղեցիիս մէջ…»:

Հարցումին ճիշդ պատասխանը գիտէ Ս. Ռիթա, որ իր սքանչելիքներով առինքնեց եւ կ՛առինքնէ հայերուս սրտերը: Անոնցմէ մէկն ըլլալու անխառն երջանկութեան մէջ կ՛ապրիմ` քեզի մաղթելով նոյն հոգեվիճակը…:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 22 մայիս 2011
Share this Article
CATEGORIES