Շաբաթ, 6 Յուլիսին. «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ»-ի Մրցումը

Ուրբաթ, 5 յուլիսին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենան «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ»-ի զտումի մրցումները` մասնակցութեամբ աւելի քան 50 վարորդներու:

Իսկ շաբաթ, 6 յուլիսին տեղի պիտի ունենան աւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն առաջին քսան դիրքերը գրաւողները: Անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան (յառաջիկայ նոյեմբերին):

Նշենք, որ այս մրցումները տեղի պիտի ունենան գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )