Գասպարով Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Զոպ Ահանի Հետ

Armfootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Գէորգ Գասպարով իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց իր ակումբին` Զոպ Ահանի հետ (Իրան):

Նշենք սակայն, որ Գասպարով նախորդ դեկտեմբերին էր, որ Միքա Երեւանէն փոխ տրուած էր իրանեան ակումբին: Հետեւաբար, անոր ստորագրութիւնը կը շարունակուի մնալ հայկական ակումբին հետ:

Շարունակելով իր լուրը եւ մէջբերումներ կատարելով իրանեան varzesh7.com կայքէջէն, հայկական աղբիւրը կ՛ըսէ, որ Գասպարովի ունեցած բաւական լաւ խաղարկութեան շնորհիւ Զոպ Ահան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեց Իրանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )