Արթուր Եուզպաշեան Հանդէս Պիտի Գայ Ղազախստանի Մէջ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Փիւնիկի միջնապահ Արթուր Եուզպաշեան հանդէս պիտի գայ Քայսար ակումբէն, որուն փոխ տրուեցաւ նախանցեալ օր, յայտնեց Փիւնիկի պաշտօնական կայքէջը:
Քայսար իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ղազախստանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան եւ ներկայ դրութեամբ կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Եուզպաշեան մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
CATEGORIES Մարզական

