«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Զտումի Մրցաշարք. Շիրակ 3-0 Արդիւնքով Յաղթեց Թրէ Փեննէի
Երէկ, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Շիրակ Գիւմրի հիւրընկալեց Սան Մարինոն ներկայացնող Թրէ Փեննէ Կալազանոն:
Հայրենի կազմը 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով դէպի դարձի մրցում (որ տեղի պիտի ունենայ 9 յուլիսին) կարեւոր քայլ մը առաւ: Սակայն հակառակ ատոր Շիրակի զտումի Բ. հանգրուան հասնիլը չէ ապահովուած, որովհետեւ ֆութպոլի աշխարհը հարուստ է անակնկալներով:
Շիրակի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ափրիկեցի Ֆոֆանա Պեքօ, որ հեթրիք մը իրագործեց (36-րդ, 54-րդ եւ 64-րդ):
Նշենք, որ այլ ափրիկեցի մը` Տամէ Տիոպ, 11-րդ վայրկեանին չյաջողեցաւ նշանակել Շիրակի եւ մրցումին առաջին կոլը, երբ անոր փենալթի հարուածը վրիպեցաւ իր նպատակէն:
CATEGORIES Մարզական


