Իտալացի Ճիուսեփփէ Ճիաննինի Նշանակուեցաւ Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ իտալացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Ճիուսեփփէ Ճիաննինի պաշտօնապէս դարձաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչը` այսպիսով յաջորդելով գերմանացի Թէօ Պոքըրի, որ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:

20 օգոստոս 1964-ին Հռոմի մէջ ծնած Ճիաննինի իր այս պայմանագրութիւնը ստորագրեց ներկայութեամբ` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆի:

Ան այսօր պիտի հանդիպի ազգային խումբին մարզիկներուն հետ, իսկ վաղը` պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, պիտի ներկայացուի մարզական լրագրողներուն:

Անոր առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ լաւ արդիւնք արձանագրել Քուէյթի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-2015-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Աւստրալիոյ մէջ):

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )