Նշմար. Համբերութեան Բաժակը` Ընդդէմ Ֆութպոլի Բաժակին

ԹՈՐԳՈՄ

Պրազիլի Մարաքանա ֆութպոլի խաղավայրին շուրջը գտնուող փողոցները հակադրութեան վայրեր էին աւարտական մրցումէն ժամեր առաջ: Մինչ քանի մը քիլոմեթր անդին ցուցարարներ բախումներ կ՛ունենային ոստիկանութեան հետ, տասնեակ հազարաւոր ֆութպոլի համակիրներ սամպա կը պարէին փողոցներուն մէջ եւ խաղավայր մտնելով աղմուկը անհաւատալի գագաթնակէտի հասաւ Պրազիլի քայլերգին հետ, որ հրահրեց եռանդը հաւատաւոր համակիրներուն:

Մթնոլորտը արդէն ստեղծուած էր:

Մրցումը ֆութպոլային բոլոր տարրերը ունէր. աշխարհի ախոյեանութեան թեկնածուն (Պրազիլ) կը մրցէր աշխարհի ախոյեանին (Սպանիա) դէմ, որ անպարտելի էր 29 պաշտօնական մրցումներու մէջ (24 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն), մրցակից ազգային հաւաքականներու մարզիկներ կը ճակատէին իրենց խմբակիցներուն դէմ (Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ, Չելսի), առաջին իսկ վայրկեաններուն (95-րդ երկվայրկեան) դաշտին տէրերը կը նշանակէին կոլ, իրաւարարը կը մերժէր փենալթի մը շնորհել Սպանիոյ, կը զլանար դաշտէն վտարելու Ռամոսը եւ Փիքէն, առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն բացառիկ խաղարկութեամբ մը կոլ կը նշանակուէր, երկրորդ կիսախաղը կը սկսէր հոնկէ, ուր աւարտած էր առաջին կիսախաղը. առաջին վայրկեաններուն` կոլ, ապա` փենալթի, որ կոլի չէր վերածուեր, Փիքէ կը վտարուէր դաշտէն, յառաջիկայ եղանակի իր խմբակիցին` Նէյմարի վրայ կատարուած ֆաուլի մը պատճառով եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն…

Այս բոլորն ու «եւ այլն»-ները աւելի կը շիկացնէին մթնոլորտը` ֆութպոլային գեղեցիկ երեկոյ մը ստեղծելով:

Կասկածէ վեր է, որ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկները, որոնք արձագանգեցին համակիրներու քաջալերանքին եւ խանդավառութեան, արժանի էին յաղթանակին:

Պատմութիւնն ալ Սպանիոյ հետ չէր: Պրազիլի ֆութպոլի հաւաքականը իր երկրին մէջ 1975-էն ի վեր պաշտօնական ոչ մէկ մրցում պարտուած է, իսկ Սպանիա վերջին անգամ Պրազիլի յաղթած է… 1934-ին:

Ոչ մէկ բան ի նպաստ Սպանիոյ ընթացաւ: Երբ շատ գեղեցիկ խաղարկութենէ մը ետք Փետրոյի հարուածը պարտութեան մատնեց բերդապահ Սեզարը, դէպի բերդ ուղղուող գնդակը գրեթէ գիծին վրայէն հեռացուց Տէյվիտ Լուիզ: Նոյնիսկ երբ փենալթիի իրաւունք ստացան, Ռամոս դուրս հարուածեց գնդակը: Ասիկա այն պահն էր, որ շեշտեց Սպանիոյ հաւաքականին ձախող գիշերը:

Սպանիոյ միջնապահները գերազանց աշխատեցան: Պաշտպանողականը խոցելի է եւ արագ, ճարպիկ յառաջապահի կարիքը ունի խումբը:

Ամէն անգամ, որ Պրազիլի մարզիկները կը յաջողէին անցնիլ Սպանիոյ կիսապաշտպաններէն, առիթներ կը ստեղծէին, կոլեր կը նշանակէին, կամ կը զգետնուէին Սպանիոյ դանդաղաշարժ պաշտպաններուն կողմէ:

Պրազիլ յաջողած էր չէզոքացնել Սպանիոյ հիմնական խաղաոճը, փոքր տարածութեան մէջ, կարճ եւ արագ, ճշգրիտ փոխանցումներ, որոնց միջոցով կը կործանէին խումբեր, կը սպաննէին մրցակիցը մինչեւ հազար փոխանցումներ կատարելով խաղի մը ընթացքին: Սակայն Պրազիլի կողմէ այնպէս մը ճնշուած էին, որ յաջողութեան չհասան:

Ճիշդ է, ամբողջ խաղի ընթացքին բաւական դիրք պահեցին, սակայն այդ առաւելութիւնը չկրցան կոլի վերածել: Պրազիլ աւելի յաճախ կը վտանգէր մրցակիցին բերդը, հակառակ աւելի նուազ դիրք պահելուն, եւ այդ ձեւով ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կասեցնել Սպանիան, որ այնքա՜ն կարիքը ունէր Ալոնսոյի երկար, վտանգ ստեղծող փոխանցումներուն (Ալոնսօ չմասնակցեցաւ այս մրցաշարքին):

Անշուշտ, սխալ է ենթադրելը, թէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը տապալած է: Անոնք ունին փորձառու, վարպետ մարզիչ եւ շնորհալի մարզիկներ: Երթը կը շարունակուի:

Սխալ է նաեւ Պրազիլի համակիրներուն յոխորտանքն ու յաւելեալ ինքնավստահութիւնը:

Ճիշդ է, վերջին ամսուան ընթացքին Պրազիլ պարտութեան մատնեց աշխարհի նախկին եւ ներկայ 4 ախոյեաններ (Ֆրանսա, Ուրուկուէյ, Իտալիա, Սպանիա), սակայն նոր կազմուող խումբ է եւ պէտք է աշխատի:

Մրցաշարքի ամբողջ տեւողութեան ցուցարարներ, որոնց համբերութեան բաժակը յորդած էր, հակակառավարական հաւաքներով, շարժումներով եւ ոստիկանութեան հետ բախումներով երկրին մէջ պառակտումներ յառաջացուցին, իսկ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկը յոյս յայտնեց, որ յաղթանակը պիտի օգնէ երկիրը վերամիաւորելու:

Փափաքելի է, որ գոնէ այս պարագային յաջողի… ֆութպոլային քաղաքականութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )