Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պոլիս

Քիմ Քաշքաշեանի Համերգը

Յունիս 27-ին Պոլսոյ Ս. Որդոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կրեմի» մրցանակակիր հանրաճանաչ ալթահար Քիմ Քաշքաշեան` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Պետեր Նակիի:

Ամերիկահայ երաժիշտը ներկայացուց Պեթհովենի, Շումանի, Շոսթաքովիչի եւ Կոմիտասի գործերը:

Այս մէկը եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք առաջին համերգն էր:

 

Թեհրան

Բանաստեղծ Վարանդին Ելոյթը
Բանաստեղծութեան Միջազգային
Փառատօնին Մասին

Նախաձեռնութեամբ Իրանահայ գրողներու միութեան, 21 յունիսին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ ելոյթ ունեցաւ  բանաստեղծ Վարանդը, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջերս Հայաստանի մէջ կայացած Բանաստեղծութեան միջազգային առաջին փառատօնին մասին, որուն մասնակցած էր նաեւ ինք:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց միութեան վարչութեան անդամ, բանաստեղծուհի Արփի Ալեքսանդր, որմէ ետք խօսք առաւ Վարանդը: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի դերը` նման փառատօներ կազմակերպելու գործին մէջ, նշելով, որ Բանաստեղծութեան միջազգային առաջին փառատօնին շուրջ 30 երկիրներէ մասնակցած էին աւելի քան 50 այլազգի բանաստեղծներ եւ 50 բանաստեղծներ` Հայաստանէն եւ Արցախէն: Ան յայտնեց, թէ այս փառատօնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմԷ հայ տպագրութեան 500-ամեակի առթիւ Երեւանը «Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք» նախագիծի աւարտական ձեռնարկն էր:

Խօսելով փառատօնին մասնակից այլազգի բանաստեղծներու մասին` ան յայտնեց, որ անոնք գործունեայ անհատներ էին եւ բաւականաչափ լաւատեղեակ` Հայաստանի ու հայկական իրականութիւններու մասին, տիրապետած էին քանի մը լեզուներու եւ հետաքրքրուած էին հայ մշակոյթով:

Վարանդ յայտնեց, որ շուտով Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ օտարագիր գրողներու փառատօն:

 

Լեհաստան

«Հայկական Պուրակ»

Վերջերս, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի պուրակներէն մէկը անուանակոչուեցաւ «Հայկական պուրակ»: Անուանակոչման հանդիսաւոր արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ պաշտօնական այցով Լեհաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Պուրակի անուանակոչման որոշումը ընդունուած էր Վարշաւայի քաղաքային խորհուրդին կողմէ` ի նշան հայ-լեհական դարաւոր բարեկամութեան:

Հանդիսաւոր արարողութեան ծիրէն ներս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրը օծեց պուրակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նուէրն է Վարշաւա քաղաքին:

Պուրակի անուանակոչման ներկայ գտնուող Վարշաւայի քաղաքապետ Հաննա Գրոնկեւիչ-վալց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին նուիրեց «Հայկական պուրակ» գրառումով ցուցատախտակը:

Վարշաւայի քաղաքային խորհուրդին կողմէն պուրակի անուանակոչման որոշման համար շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ  Տարօն Մարգարեան, որ մաղթեց, որ օծուած խաչքարին զօրութեամբ Աստծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ հայ եւ լեհ ժողովուրդներէն:

Պուրակի անուանակոչման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին ան տեղեկացուց, որ Երեւանի եւ Վարշաւայի միջեւ ստորագրուած է Մտադրութիւններու յուշագիր, որ կ՛ենթադրէ երկու քաղաքներու առաւել սերտ համագործակցութիւն, եւ առաջարկեց հայ համայնքին առաւելաբար ներգրաւուիլ իրականացուելիք ծրագիրներուն մէջ:

 

Ֆրանսա

Սփիւռքի Նախարարը Փարիզի Մէջ
Մասնակցեցաւ Արտերկրի Համայնքներուն
Վերաբերող Համաժողովին

Յունիս 17-ին, արտերկրի ֆրանսացիներու հարցերու լիազօր նախարար Էլեն Քոնուէ-Մուրէի հրաւէրով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ  Ֆրանսայի մէջ «Արտերկրի մէջ հաստատուած ազգային համայնքներուն նուիրուած նախարարական համաժողովին», որուն մասնակից սփիւռքի նախարարները քննարկեցին  իրենց երկիրներուն քաղաքական, տնտեսական կեանքին մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութեան աստիճանը, հայրենիքի մէջ վերջիններուն ընտրելու իրաւունքին ու համապատասխան օրէնսդրութեան բարելաւումը:

Համաժողովի ծիրին մէջ նախարարը քննարկումներ կատարեց Ֆրանսայի ֆրանսացիներու հարցերու լիազօր նախարար  Էլեն Քոնուէյ-Մուրէի, Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քոնսթաթինոս Տսիարասի, Խրուաթիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Անտրէա Մեթելքօ-Զքոմպիչի, ինչպէս նաեւ` Վիեթնամի, Մեքսիքայի արտերկրի մէջ հաստատուած հայրենակիցներու հարցերով պատասխանատուներուն հետ:

Այնուհետեւ նախարարը մասնակցեցաւ «Քարթունինկ ֆոր փիսքիփինկ» կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած «Վիզիոն տը Լ՛էթրանժէ» գծանկարային ցուցահանդէսին:

 

Ֆրանսայի Մէջ Հայկական Շաբթուան
Ծիրին Մէջ «Հանրի Վերնոյ»
Ցուցահանդէսի Բացում

Ֆրանսայի մէջ հայկական գերազանցութեան շաբթուան ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ 17-23 յունիսին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցած է «Հանրի Վերնոյ»-ի ցուցահանդէսի բացումը, որուն ներկայ գտնուած են սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Քլոտիա Քարտինալէն, Օմար Շերիֆը, Ժաքի Ներսէսեանը, Նաթալի Ռուսելին, Իզապէլ Սատոյեանը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը եւ Հայաստանէն եկած պատուիրակութիւնը:

Այս ծիրին մէջ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուած է նաեւ լիբանանահայ  արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանին եւ հայ նկարիչներու կողմէ տրամադրուած նկարներու ցուցահանդէս-վաճառքին, որմէ գոյացած գումարը պիտի յատկացուի սուրիահայերուն համար նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն:

Ֆրանսայի մէջ հայկական շաբաթը կազմակերպած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը` «Թեր տ՛Արմենիա» կազմակերպութեան, «Արարատ Թի. Վի.»-ի տնօրէն Ռիշար Ֆինտիկեանի, Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Պարաքեանի, Մարսէյի Հայ-ֆրանսական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Մարսէյի 13, 14-րդ թաղամասերու թաղապետ, Մարսէյի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան տան ղեկավար Կարօ Յովսէփեանի հետ գործակցաբար:

 

Չինաստան

Չինաստանի Հայերը Շուտով Պիտի Ունենան
Համայնքի Կեդրոն Մը

Յունիս 15-ին Չինաստանի հայ համայնքի անդամներ Կանկզու քաղաքին մէջ գտնուող միջերկրականեան ճաշարանի մը մէջ հաւաքուեցան` տօնելու համար Հոնկ Քոնկի հայ համայնքի կեդրոն մը բանալու լուրը եւ վայելելու համար Քանատայէն սոյն առիթով յատկապէս հրաւիրուած Արթիւր Աբգարեանին երաժշտութիւնը:

Արթիւր Աբգարեան եւ իր նուագախումբը հրաւիրուած էին Յակոբ Մաքսեանին եւ երկար տարիներէ ի վեր Չինաստան հաստատուած Երջօ Սամուէլեանին միջոցներով:

Յ. Մաքսեան եւ Ե. Սամուէլեան առատաձեռնօրէն հիւրասիրեցին 90-է աւելի հայորդիներ, ներառեալ` Չինաստան ծնած հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին երկրի զանազան եւ հեռաւոր քաղաքներէն:

Չինաստանի հայ համայնքին անդամները զանազան առիթներով կը համախմբուին երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ: Անոնք կու գան զանազան քաղաքներէ, ինչպէս` Հոնկ Քոնկ, Փեքին, Շանկհայ, Կանկզու եւ Շենզեն:

Չինաստանի հայ համայնքը քաջալերելու կամ անոր մասին տեղեկութեանց համար այցելել chinahay.com կայքը:

 

Մոնթեվիտէօ

Րաֆֆի Ունանեան Նշանակուեցաւ
Քաղաքապետարանի
Զբօսաշրջութեան Տնօրէն

Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Րաֆֆի Ունանեան 1 յուլիսին ստանձնեց  քաղաքապետարանի ամենաբարձր պաշտօններէն մին: Ան նշանակուեցաւ քաղաքապետ Անա Օլիվերայի կողմէ:

Ունանեան 2000 թուականէն ի վեր կը ծառայէ քաղաքապետարանին` իբրեւ խորհրդատու ու գործադիր համակարգող եւ բազմաթիւ առիթներով ներկայացուցած է քաղաքը միջազգային զբօսաշրջութեան հանդիպումներուն:

Րաֆֆի Ունանեան յայտարարեց, թէ ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն է, որ իրեն վստահած է քաղաքապետին կողմէ եւ պիտի շարունակէ աշխատանքը ի նպաստ Մոնթեվիտէոյի զբօսաշրջութեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Դասախօսական Երեկոյ`
Գրիգոր Տաթեւացիի Մասին

Կազմակերպութեամբ  «Արփա» հիմնարկին, 30 մայիսին Հայ աւետարանական Մերտինեան վարժարանի մատուռին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Գրիգոր Տաթեւացի եւ Հայ եկեղեցւոյ արդիականացումը» նիւթով:

Օրուան դասախօսն էր Ֆրեզնոյի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ եւ դասախօս տոքթ. Սերճիօ Լա Փորթա:

Երեկոն սկսաւ «Արփա»-ի նախագահ տոքթ. Յակոբ Փանոսեանի բարի գալուստի խօսքով: Տոքթ. Փանոսեան պատմական ակնարկ մը նետեց «Արփա» հիմնարկին եւ անոր գործունէութեան մասին, որմէ ետք ներկայացուց օրուան դասախօսը` տոքթ. Սերճիօ Լա Փորթան: Բանախօսը շատ յստակ բացատրեց Գրիգոր Տաթեւացիին բերած ներդրումը Հայ եկեղեցւոյ կազմակերպչական եւ աստուածաբանական յստակացումներուն մէջ:

Աստուածաբան, փիլիսոփայ Գրիգոր Տաթեւացի եղած է միջնադարու հայ աստուածաբանութեան միտքի փայլուն դէմքերէն մէկը, որ պաշտպանած է Աստուծոյ էութեան եւ բնութեան ճշմարտութեան սկզբունքները: Գրած է մեկնաբանութիւններ,  լուծումներ եւ քարոզներ, ունի աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական աշխատութիւններ:

Դալար Մալաքեան Կը Նշանակուի
Կլենտէյլի Հայ Դատի Գրասենեակի Վարիչ

Վերջերս Ամերիկայի Կլենտէյլի Հայ դատի գրասենեակի նոր վարիչ նշանակուեցաւ Դալար Մալաքեան` փոխան Էլեն Ասատրեանի, որ այժմ կը վարէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի Շրջանային գրասենեակի վարիչի պաշտօնը: Մալաքեանի նշանակման առիթով Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան յայտնեց, թէ Մալաքեանին փորձառութիւնը ունեցող անձի մը նշանակումը մեծ գոհունակութիւն կու տայ: Ան հանրութեան հետ աշխատելու, շրջանի հայ համայնքի կարիքներուն ընդառաջող ծրագիրներ մշակելու լայն փորձառութիւն ունի: Կարապետեան վստահութիւն յայտնեց, որ Մալաքեան պիտի զօրացնէ Էլեն Ասատրեանին դրած հիմքերը եւ առաւել յառաջ պիտի տանի գրասենեակին գործունէութիւնը:

Իր կարգին, Մալաքեան նկատել տուաւ, որ Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը այն վայրն է, ուր ինք ներշնչում ստացած է ներգրաւուելու քաղաքացիական գործունէութեան ոլորտ:  Ան հաստատեց, որ նոր պաշտօնին բերումով պիտի կարենայ առաւել խանդավառութեամբ իր ներդրումը բերել համայնքին կեանքը բարելաւելու աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:

Հայ Արուեստագէտներու Գործերը
Պեւըրլի Հիլզի Մէջ

Յունիս 27-ին Պեւըրլի Հիլզ գտնուող «Կարպուշեան» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում, ուր ներկայացուեցան երկու տասնեակէ աւելի ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներ: Խմբային այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ արուեստագէտներ Արա Օշական` իր լուսանկարներով եւ Սամուէլ Սաղաթելեան` «Բաց նամակ սեւի վրայ» շարքով:

Մինչեւ 2 օգոստոս շարունակուող արուեստի սոյն հանդէսին պիտի ներկայացուին արուեստի զանազան ճիւղեր` նկարներ, քանդակներ, լուսանկարներ:

 

Քանատա

 

«Ապուշներու Ընթրիքը»
7-
րդ Ներկայացում

Վերջերս Սուրբ Յակոբ վարժարանի «Պաստրմաճեան» սրահին մէջ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը 7-րդ անգամ ըլլալով հանդէս եկաւ «Ապուշներու ընթրիքը» թատերախաղով` բեմադրութեամբ Վիգէն Թիւֆենքճեանի: Ձեռնարկը այս անգամ նուիրուած էր սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին:

Ձեռնարկի աւարտին մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Փոլատեան վարչութեան անունով իր խորին շնորհակալութիւնը փոխանցեց բոլոր դերակատարներուն, ինչպէս նաեւ` թատերական յանձնախումբին, որ բոլոր ներկայացումներուն ընթացքին նոյն թափով նեցուկ կանգնած եւ հոգացած թատերախումբի բոլոր պէտքերը: Իսկ վերջին շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց բեմադրիչ Վիգէն Թիւֆենքճեանին` յանձնելով անոր յիշատակի նուէր մը:

Ձեռնարկէն գոյացած երեք հազար ամերիկեան տոլար շահը ամբողջութեամբ փոխանցուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES