Վահրամ Մավեանի Հետ (Մահուան 30-ամեակին Առիթով)

Պատրաստեց` ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Հինգշաբթի, 13 յունիս 2013,  ՀԲԸՄ – Տեմիրճեան կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Վահրամ Մավեանի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն մը` անոր մահուան 30-րդ տարելիցին առիթով, կազմակերպուած` ՀԲԸՄ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութեան կողմէ: Ներկայ էին Վահրամ Մավեանին կինը` Իվոն Գասարճեան-Մավեան, մելգոնեանցիներ, Վահրամ Մավեանի բարեկամ սերնդակիցներ ու անոր գրականութիւնը սիրողներ:

Մելգոնեանի Լիբանանի Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթոր Արմէն Իւրնէշլեան իւրայատուկ ձեւով պատրաստած էր այդ օրուան յուշահանդէսը: Մինչ պաստառի վրայ կը ներկայացուէին Վահրամ Մավեանին նկարները`  մանկութենէն մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը, ինք` Արմէնը կը պատմէր Մավեանի կեանքին ելեւէջներուն մասին, որոնց ընթացքին, մէջ ընդ մէջ մելգոնեանցիներու կողմէ կը կարդացուէին Վահրամ Մավեանին բանաստեղծութիւններէն, որոնք նախապէս խտասալիկի վրայ արձանագրուած էին: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ըմբոշխնումով կը հետեւէին  յայտագիրին: Բանաստեղծութեան ընթերցումը կատարեցին Շաքէ Պասմաճեան-Բատոյեան, Անժէլ Ճապրայեան-Միսիսեան, Աստղիկ Մենտիլեան, Յարութիւն Թորոսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան:

Արմէն Իւրնէշլեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Վահրամ Մավեանի կեանքի հանգրուանները, զորս կը հրատարակենք ստորեւ:

Վահրամ Մավեան կը ծնի 1926-ին, Երուսաղէմ, զէյթունցի Յակոբ քհնյ. Մավեանի եւ երիցուհի Եղիսաբէթի ընտանիքին մէջ: Հայրը 1915-ին, Զէյթունի հայութեան տեղահանութեան ժամանակ, 4000 հոգիներու հետ կ՛աքսորուի դէպի սուրիական անապատները եւ հիւսիսային Իրաք: Աւարտին աքսորեալներէն ողջ կը մնան միայն 100 հոգի, որոնց մէջ կ’ըլլայ Յակոբ քահանան: Պատերազմի աւարտին ան Երուսաղէմ կը հաստատուի: Երուսաղէմի պատրիարքը` Թորգոմ արք. Գուշակճեան, Յակոբ քահանան կը նշանակէ հովիւ Հայֆայի եւ շրջակայից հայութեան: Փոքրիկ Վահրամը տեղւոյն մանկապարտէզը աւարտելէ ետք կը ղրկուի Երուսաղէմի Սուրբ Թարգմանչաց վարժարան` ծնողքէն հեռու, ուր կը մնայ եօթը տարի: 1939-ին հայրը կը վախճանի: 1940-1944 Վահրամ ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն «Պիշըփ Կոպաթ» անգլիական վարժարանին մէջ: Ան շրջան մը անգլիական ընկերութեան մէջ որպէս քարտուղար աշխատելէ ետք, 1948-ին պաղեստինեան պատերազմին պատճառով կ՛անցնի Կիպրոս, ուր ուսուցչութեամբ կը զբաղի, նախ Նիկոսիա` Մելիքեան-Ուզունեան նախակրթարանին մէջ, ապա 1950-1954 Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն` դասաւանդելով հայոց լեզու եւ երկրաչափութիւն, նոյն ատեն վարելով մանչերու հերթապահի պաշտօնը:

Ծնողքէն հեռու` Վահրամ Մավեան աղքատ ու տխուր մանկութեան կոտտացող ցաւի ընդվզումը ունէր իր մէջ միշտ: Անգինէ Քէշիշեան-Մուրատեան, կիպրահայ երգչուհին, կը յիշէ. «Հակառակ իր ունեցած վերիվայրումներուն եւ նիւթական դժուարութիւններուն, միշտ շէն, կատակախօս եւ մթնոլորտը խանդավառող էր: Կը սիրէր մեզ` աղջիկներուս հետ չարաճճի կատակներ ընել եւ չարչարել մեզ, բայց ոչ` վիրաւորել: Բոլորիս ալ օգնելու պատրաստ, բոլորիս դժուարութիւններուն  հասնող, մոռնալով յաճախ իրը: Խաղավայր կամ ֆութպոլի դաշտ խորթ էր իրեն համար, զինք փնտռողը կը գտնէր մատենադարանին մէջ, կամ անկիւն մը` խօսակիցներով շրջապատուած»:

Վահրամ Մավեան 1954-ի գարնան թոքախտէ կը վարակուի ու կը մտնէ Լիբանանի Ազունիէի Ազգային բուժարանը, ուր 11 ամիս մնալէ ետք ապաքինելով` կը վերադառնայ Կիպրոս, Մելգոնեան, շարունակելով ուսուցչութեան պաշտօնը մինչեւ 1958:

1958-1961 Վահրամ Մավեանը կը գտնենք Հիւսիսային Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի Քուինզ համալսարանին մէջ, ուր կը հետեւի անգլերէն գրականութեան, իմաստասիրութեան եւ հոգեբանութեան դասընթացքներուն` ստանալով «պսակաւոր արուեստից» վկայականը:

1961-1963 Վահրամ Մավեան կրկին Մելգոնեանի մէջ է` մանկավարժական խանդավառ գործունէութեամբ. կը դասաւանդէ հոգեբանութիւն, հայերէն, գրականութիւն: «Մելգոնեան կրթական հաստատութեան գրական-գեղարուեստական երեկոներու գլխաւոր կազմակերպիչն ու մղիչ ուժն էր: Մեզ` իր աշակերտները գործի լծելու եւ աշխատանքը սիրայօժար կերպով  յառաջ տանելու գաղտնիքը գիտէր: «Հաճոյքը երեկոն կամ ձեռնարկը պատրաստելու մէջ է կ’ըսէր», կը վկայէ Վարդգէս Գուրոյեան:

1963-1983 Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի պատասխանատու վարիչ կը նշանակուի եւ իր պաշտօնը մինչեւ վերջ կը կատարէ բծախնդրութեամբ ու համեստութեամբ: «Քիչեր գիտեն, թէ այնտեղ… որքա՛ն ոգի դրաւ ան, հայու անսպառ ոգի, որ կարծես Լիզպոնը ամբողջ լեցուն էր հայութեամբ», կը գրէ Գառնիկ Ադդարեան: Անիկա իրեն համար ոչ թէ պաշտօն էր, այլ` ազգային պարտականութիւն: Պարտականութիւն, զոր ինք ստանձնեց ու կատարեց այնպիսի յանձնառութեամբ, որ հիմնարկութեան վայելած նիւթական վարկին գումարուեցաւ նաեւ Մավեանի ներդրած բարոյական վարկը` յաչս գաղթաշխարհի: Այսօր, հայ սփիւռքի տարածքին, դպրոցներու եւ ազգային այլ հաստատութիւններու պատերուն` բազմաթիւ յուշատախտակներու եւ մարմարակերտ արձանագրութիւններու վրայ եւ այլ միջոցներով կը կարդանք` «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեան ջանքերով» նախադասութիւնը. Վահրամ Մավեանը փնտռեցէք անոնց ետին ու պիտի գտնէք: Այս առնչութեամբ իր մասին կայ հետեւեալ վկայութիւնը` Շաքէ Մաթոսեանի կողմէ. «Ամէն թղթածրարի, ամէն մէկ թիւի ետին կը փնտռէր մարդը, անհատականութիւնը եւ անոր նպաստելու լաւագոյն ձեւը: Հայկականութեան մէջ մտած էր, ինչպէս մարդ կրօնին մէջ կը մտնէ: Կոչում մը` զոհաբերութեան մէջ»:

«Մավեանը որբ մըն էր ու այդպէս ալ մնաց,- կը գրէ Արա Գալայճեան:- Ան գիտէր արժէքը բոլոր գովեստներուն եւ շողոքորթ գնահատականներուն: Ան ժպիտներուն ետին եւ ձեռքսեղմումներուն մէջ կը տեսնէր, հայելիի մը մէջէն կարծէք, իրական զգացումներն ու մտածումները զինք շողոմողներուն»:

1976-ին Վահրամ Մավեան վերջ կու տայ իր «պեքեարութեան»  ու կ’ամուսնանայ լիբանանահայ ճարտարագէտ ու գործարանատէր Յովհաննէս Գասարճեանի դստեր` Իվոն Գասարճեանին հետ: «Յայտնուեցաւ զինք խորապէս սիրող սիրտ մը… որուն հետ այլեւս երջանիկ էր Վահրամ», կը վկայէ Անդրանիկ Ծառուկեան:

Վահրամ Մավեանի լոյս տեսած գրական գործերը.

– 1956 – Երուսաղէմ, «Յամեցող վերադարձ», Մավեանի առաջին գիրքը եւ  բանաստեղծութիւններու միակ ժողովածուն:

– 1965 – Երուսաղէմ, «Հայու բեկորներ» հատորը, կ’ընդգրկէ 20 պատմուածքներ:

– 1967 – Երեւանի մէջ նոյն հատորը կրկին կը տպուի:

– 1968 –  Երուսաղէմ, «Անկապ օրագիրը», որ սկիզբ կ’առնէ Երուսաղէմէն (հաւանաբար 1946-1948 ու կ’աւարտի Լիզպոնով): Այս հատորին մաս կը կազմէ հայերէնին նուիրուած գեղեցկագոյն արձակ բանաստեղծութիւնը:

– 1977 – Երուսաղէմ,  Մավեանի «Ամէն տեղ հայ կայ» խօսուն խորագրով հատորը: Այս հատորին վերնագիրը ինչպէս նախ «հայու բեկորներ» արտայայտութիւնները այլեւս դադրած են Մավեանի սեփականութիւնը ըլլալէ, ու որդեգրուած են մեր խօսակցական եւ գրական լեզուին մէջ` իբրեւ թեւաւոր խօսքեր:

– Այս առթիւ Ռոպեր Հատտեճեան լաւագոյն բնորոշումներէն մին կու տայ Մավեանի գրականութեան. «Միշտ կը հաւատամ, որ սփիւռքահայ գրականութիւնը եթէ կրցած է քիչ մը կենսունակութիւն պահել, Մավեանի նման քանի մը բացառիկ դէմքերու շնորհիւ եղած է այդ: Գրական կենսունակութիւն մը միայն գրականութեամբ չէ, որ կը ստեղծուի: Գրականութիւնը ստեղծող դէմքերուն անձն ու դիմագծութիւնը շատ բան կը բերէ այդ կենսունակութեան… Այս տեսակէտով Մավեան հսկայ մըն էր, որուն նմանը անգամ մըն ալ, ով գիտէ, որքան երկար ատեն պիտի չյայտնուի մեր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ»:

– 1977 Երեւան Մավեանի երկրորդ երեւանեան հատորը` «Մխացող հոգիներ»  վերնագրով, որ կը պարփակէ իր լաւագոյն պատմուածքները:

– 1993 Անթիլիաս, Լիբանան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան եւ «Հայ տիպ քոմփիւկրաֆ» տպարաններու համագործակցութեամբ եւ Իվոն Մավեանի նախաձեռնութեամբ ու հոգածութեամբ լոյս կը տեսնէ Վահրամ Մավեանի «Ամբողջական գործեր» հատորը, Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ կաթողիկոսին հրաշալի «Յառաջաբանով» եւ հանգուցեալ Գրիգոր Շահինեանի մասնագիտական բծախնդրութեան կնիքը կրող խմբագրական աշխատանքով:

1982 յունիսին Լիզպոնի մէջ Վահրամ Մավեան իր առաջին սրտի տագնապը կ՛անցընէ, իսկ 1983 յունուար 11-ին Փարիզի մէջ երկրորդ սրտի տագնապով իր աչքերը յաւիտենապէս կը փակէ զէյթունցի Յակոբ քահանային միակ ժառանգորդը, հայ ժողովուրդի արժանի զաւակը ու հայ գրականութեան մեծ անուն Վահրամ Մավեանը, 57 տարեկան հասակին: Քանի մը օր վերջ մարմինը կ’ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին  մէջ, իր մօրը կողքին:

Հանդիսութեան վերջաւորութեան խօսք  առաւ տոքթ. Թորոս Թորանեան: Գնահատելէ ետք Վահրամ Մավեանին մեծ ներդրումը հայ գրականութեան եւ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ, ան շնորհաւորեց Մելգոնեանի Լիբանանի Սանուց միութիւնը իր անխոնջ աշխատանքին համար, Մելգոնեանի արժէքները շարունակաբար հանրութեան ներկայացնելու ճիգով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )