ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի, իսրայէլցի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու սպաներուն ներկայութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հաստատած սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ արձանագրուած խախտումները:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց երկիրը փրկելու եւ ժողովուրդին ծառայութեան համար ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութեան մաս չկազմելու առումով արտայայտուած յստակ կեցուածքէն ետք անբացատրելի է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ուշացումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամալ Ռիֆայի յայտնեց, որ Հըզպալլա ոչ մէկ յարաբերութիւն ունի դրամատուներուն հետ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կը փափաքի Լիբանանը պատժել եւ իր հակակշիռին տակ առնել:
ԱԶԱՏ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութեան հրապարակումը ոչ մէկ կապ ունի կառավարութեան կազմութեան ժամկէտին հետ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց, որ Լիբանանը աշխարհիկ պետութեան վերածելով կարելի է պահպանել պատգամի երկիր ըլլալու անոր յատկանիշը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կ՛ընթանայ ճշգրիտ կերպով եւ համաձայն երկրին սահմանադրութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըր շեշտեց, որ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի միջազգային դատական ատեանին եւ միջազգային հանրութեան դէմ պատերազմ կը մղէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ապտել Ազիզ Խոժա վարչապետ Միքաթիէն պահանջած է յետաձգել Ռիատ կատարելիք իր այցելութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ Թրիփոլի, որպէսզի իր համակիրները մղէ` մասնակցելու յառաջիկայ Մարտ 14-ի ցոյցին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Լիբանան իսկական կայունութեան չի կրնար յանգիլ, նախքան համայնքային դրութեան ջնջումը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Աթեֆ Մաժտալանի գնահատեց լիբանանեան պետութեան կողմէ մղուած պայքարը այսպէս կոչուած բոյսերով պատրաստուած դեղահատերուն դէմ: Ան ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ պէտք է նմանօրինակ բոլոր արտադրութիւնները շուկայէն վերցնէ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը մերժող կեցուածքները համազօր են իսրայէլեան ներխուժումին զօրակցող յայտարարութիւններուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ այսպէս կոչուած Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հիմնական նպատակն է պահպանել Իսրայէլի ապահովութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի նոր պատրիարքի յառաջիկայ ընտրութեան առիթով, Ղոսթայի եւ Աժալթունի Խազեն ընտանիքները որոշեցին Պքերքէի դռներուն հսկող պատուոյ պահակները, որոնք են նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ Ամին Քեսրուան Խազեն: