ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՍՖԷՅՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ
Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր հրաժարեալ պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ իր 25-ամեայ պատրիարքական գործունէութեան առիթով:
Յետմիջօրէին Սֆէյր պատրիարքը ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ գնահատեց Սֆէյր պատրիարքին վերջին կեցուածքները` նշելով, որ ան մեծ անձնաւորութիւն մըն է, զոր պէտք է յարգել:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարք օր մը օրանց իր անձին չարիք չէ հասցուցած, սակայն ինք վիրաւորական յայտարարութիւններ ուղղած է պատրիարքին հասցէին եւ շրջանցած կարմիր գիծերը: «Հետեւաբար, Պքերքէն էր եւ պիտի մնայ առաջին հեղինակութիւնը, իսկ քաղաքական կեցուածքները պիտի մնան մեր ետին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով մարոնի համայնքի նոր պատրիարքին ընտրութեան` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ոչ ոք միջամուխ կ՛ըլլայ ընտրական այդ հոլովոյթին:
Նշենք, որ Սֆէյր պատրիարքին այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա դրուատեց Սֆէյր պատրիարքին կեցուածքները` նշելով, որ եթէ ազգային այդ կեցուածքները չըլլային, Լիբանան պիտի չկարենար գործադրել իր ազգային ուխտը:
Սինիորա նշեց, որ Սֆէյր պատրիարքին կողմէ իր հրաժարականի ներկայացումը գնահատելի է, որովհետեւ ան կ՛ուզէ առիթ տալ, որ ուրիշներ պատասխանատուութիւն ստանձնեն:
Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը դարձաւ Պքերքէի ճաշի հիւրը: