«ԻՐԱՆ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՍԱԼԵՀԻ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի լիբանանեան համախոհութեան եւ միասնականութեան:

Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կազմելիք կառավարութիւնը ամէն պարագայի միագոյն պիտի չըլլայ. ան ըսաւ, որ նոյնիսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութեան մաս կազմելը մերժելու պարագային այդ կառավարութիւնը միագոյն կարելի չէ նկատել, այնքան ատեն որ անոր մաս պիտի կազմեն Հըզպալլան, Միքաթին, եւ երեսփոխաններ Ուալիտ Ժոմպլաթն ու զօր. Միշել Աունը:

«Ախպար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Սալեհի յայտնեց, որ Թեհրան քաղաքական յատուկ օրակարգ մը չունի` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութիւններուն առումով: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք իրանցիք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին Թեհրանի մէջ կ՛ընդունէի՞ն, եթէ Լիբանանի մէջ յատուկ շահեր հետապնդէին:

Սալեհի նաեւ ընդգծեց, որ գաղափարաբանական իմաստով իրենք աւելի մօտ են  Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան, սակայն պիտի չուզեն, որ Լիբանանը կառավարուի Հըզպալլայի կողմէ, որովհետեւ Լիբանան իր կառուցուածքին մէջ այդպէս չէ:

Պատասխանելով հարցումի մը, որ կ՛ակնարկէր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննելու յանցանքով իրանցի պատասխանատուներու դէմ արձակուելիք ամբաստանութեան, Սալեհի ըսաւ, որ իրենք առաջին օրէն իսկ կարեւորութիւն չեն ընծայած Միջազգային դատական ատեանին:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS