Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին օրակարգը պիտի մնայ անփոփոխ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Ամալ շարժումին նկատմամբ վստահելիութիւն գրեթէ չկայ` աւելցնելով, որ Ամալի հետ տարակարծութիւնները շատ աւելի խոր են, քան Հըզպալլայի հետ առկայ տարակարծութիւնները:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր յայտնեց, որ Ապրայի մէջ գտնուած երկու դիակները «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան ենթարկելէ ետք ի յայտ եկած է, որ անոնք Ահմետ Ասիրի եւ Ֆատըլ Շաքերի չեն պատկանիր:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հիմնական երաշխիք է` Լիբանանի միասնականութեան, ինչպէս նաեւ անոր ապահովական կայունութեան եւ գոյութեան պահպանումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Ռապիէ այցելութիւնը սովորական եւ փոխադարձ գործակցութեան այցելութիւն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ նիստեր գումարելը կը հարուածէ իշխանութիւնները տարանջատելու սկզբունքը եւ անոնց հաւասարակշռութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին վերջին տագնապը զուտ սահմանադրական տագնապ է:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ գաղթակայաններու զինեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ Այն Հելուէի մէջ որոշում տուած են լիբանանեան եւ սուրիական ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալու:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը մամլոյ եւ տարբեր լրատուամիջոցներու լուսարձակներէն հեռու նիստի մը ընթացքին յայտնեցին, որ իրենք կառչած կը մնան ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան երկարաձգման:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը բաւարար է լուծելու ստեղծուած տարակարծութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամ մինչեւ օրս տակաւին «բարեւ» մը չէ ըսած երեսփոխանական երկրորդ մեծագոյն պլոքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը սղած` 100 լ. ոսկիով:

ՊԱՐԺԱՅԻ քաղաքապետի բնակարանին մուտքին գտնուած է հրասանդի հրթիռ մը: Ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացած են շրջան եւ զայն փոխադրած:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յայտնած է, որ Սուրիոյ պատերազմը երկար պիտի տեւէ, սակայն անիկա պիտի աւարտի իրենց յաղթանակով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած իր այցելութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ արձանագրուած տարակարծութեան հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES