Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Առեւանգուած Քաղաքացիները

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Նաքուրայի մօտ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջոցով ստանձնած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ նախանցեալ օր Շեպաայի շրջանին մէջ առեւանգուած երկու լիբանանցի հովիւները:

Բանակը լիբանանցի քաղաքացիները հարցաքննութեան ենթարկեց` իմանալու համար անոնց առեւանգումին դրդապատճառները:

ՄԻՒՍ կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ իր գաղտնի սպասարկութիւնը Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ ձերբակալած է Ալի Եուսեֆ Ժաաֆարը, որուն դէմ ցարդ 37 բերման գիր արձակուած է:

Ժաաֆար ամբաստանուած է քրէական բազմաթիւ յանցանքներով:

Ըստ հաղորդագրութեան, բանակը Ժաաֆարի մօտ գտած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք, հաղորդակցութեան արդիական սարքեր, ինքնաշարժի կեղծուած թիւեր, զորս գրաւած է:

Share this Article
CATEGORIES