Զօր. Աուն – Ապատի Հանդիպում

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ազգային միասնականութեան ու համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան շուրջ համախմբումին:

Ապատի ընդգծեց նաեւ լիբանանեան բանակը զինելու Իրանի պատրաստակամութիւնը, եթէ լիբանանեան պետութիւնը Իրանէն խնդրէ այդ մէկը:

Ապատի յայտնեց նաեւ, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան ու շրջանային զարգացումները:

Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Ապատի նշեց, որ Իրան Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւններ ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES