ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Քանի մը օրերէ ի վեր, Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ ծածանող եռագոյնները կ՛աւետէին Հայաստանի անկախութեան տօնը:

Այնճարի հայութիւնը պիտի համախմբուէր միասնաբար յիշատակելու 28 մայիս 1918-ի պատմական յաղթանակը:

Շաբաթ, 28 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբէն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի միաւորներուն տողանցքը` մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ: Տողանցքին մասնակցեցան սկաուտ- արենուշներ, գայլիկ-մրջնիկներ եւ հայրենակիցներ:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մուտքին ժողովրդային ընդունելութեան արժանացաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որուն կ՛ընկերանային հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան եւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեան: Դեսպանը դիմաւորելու եկած էին գիւղի երեք հոգեւոր պետերը, քաղաքապետը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչները:

«Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներով սկսաւ անկախութեան ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին:

Յակոբ Այնթապլեան

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Այնթապլեան: Դեսպանին բարի գալուստ մաղթելէ ետք ան անդրադարձաւ 28 մայիս 1918-ի անկախութեան պատմական նշանակութեան` յատկապէս շեշտելով, որ այս յաղթանակով հայ ժողովուրդը վերատիրացաւ իր պետականութեան եւ կրցաւ իր արժանի տեղը գրաւել 20-րդ դարու պետութիւններու շարքին: Յակոբ Այնթապլեան վեր առաւ անկախութեան սերունդին քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը, որոնք կրցան կորուստէ փրկել հայ ժողովուրդի գոյատեւումն ու անոր անկախ պետականութիւնը: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հայ գիտէ, որ Մայիս 28-ի շարունակութիւնը եղաւ Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումը, եւ անկախ Արցախի Հանրապետութեան հիմքերուն մէջ կայ Մայիս 28-ի սխրանքը:

 

Հայաստանի անկախութեան խորհուրդը փոխանցեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ներկայացուց հայ ժողովուրդի անկախութեան կերտումի վճռական իրագործումը եւ անդրադարձաւ նաեւ այսօրուան Հայաստանի իրավիճակին, արձանագրուած իրագործումներուն եւ հայութեան բոլոր ուժերը միացնելու անհրաժեշտութեան` ի խնդիր Հայաստանի հզօրացման:

«Մեր ժողովրդի պատմութիւնը յանուն ազատութեան մղուող պայքարի պատմութիւն է, պատմութիւն, որը լի է եղել զրկանքներով, տառապանքներով, պայքարով, արարչութեամբ եւ յաղթանակներով: Ճակատամարտել ենք Աւարայրի դաշտավայրում, Կիլիկիայի բերդերի վրայ, Վանի պարիսպների տակ, Սարդարապատում, Շուշիում, մաշտոցեան տառերով գրքեր ենք հրատարակել Վիեննայից մինչեւ Կալկաթա, Էջմիածնից մինչեւ Վենետիկ:

«Այդ պայքարը փոփոխական յաջողութիւններով շարունակուել է դարեր ու հազարամեակներ, հզօրացել է կամ թուլացել, բայց չի դադարել երբեք: Անկախ այն բանից, թէ աշխարհի քարտէզի վրայ մենք որքան տարածք ենք զբաղեցրել, կամ թէ ընդհանրպաէս ջնջուած ենք եղել այդ քարտէզից, միեւնոյն է, մեզ առաջնորդել է նոյն տեսիլքը` անկախութեան եւ անկախ Հայաստանի տեսիլքը, որ մարմնաւորում է ազատութիւնը, մարդկային ու ազգային արժանապատուութիւնը եւ վերջապէս` բարին ու գեղեցիկը արարելու իրաւունքն ու պատմական հնարաւորութիւնը», ըսաւ դեսպան Քոչարեան:

«Մայիսի 28-ին արձանագրուածը նոր էջ էր հայոց պատմութեան մէջ եւ այդ հոգեբանական եւ սկզբունքային վերափոխումն առաջին հերթին կատարուեց հայ ժողովրդի գիտակցութեան մէջ եւ սրտերում: Այն նախապատրաստուելու հասունացել էր դարերի ընթացքում` մեր ժողովրդի անհաւասար պայքարով ու դառը փորձով: Վերջապէս այն պսակուել էր 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակներով, որոնք եկան վերահաստատել ու անմարդկային զրկանքներ տեսած ու վերապրած ժողովրդի ապրելու կամքը: Ապրել ազատ, ապրել արժանապատիւ:

«Ապրել ո՛չ թէ չմեռնելու, գոյութիւն քարշ տալու, այլ առաջընթացի համար, ապրել համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացմանը համաքայլ:

«Մայիսեան հերոսամարտերը նշանաւորեցին միասնականութեան անպարտելիութիւնը, ինչը մենք վերահաստատեցինք եւ ապացուցեցինք 20-րդ դարի վերջին Արցախի ազատագրման պայքարում: Բոլոր տարաձայնութիւնները, տարբերուող կարծիքներն ու մօտեցումները երկրորդական դարձան եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միաւորուեց հայրենիքի հետ` հասնելու բարձրագոյն գաղափարի իրականացմանը` անկախ հայրենիքի հաստատմանը», նշեց դեսպան Քոչարեան:

Դեսպանին խօսքէն ետք, ազգային-յեղափոխական երգերու փունջով մը ելոյթ ունեցաւ Սեւան Հաճեան-Մեթլեան, որ խանդավառեց ներկաները:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը կատարեց քանի մը ազգային- յեղափոխական երգեր` ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելով իր գագաթնակէտին:

«Սարդարապատ»ի երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկին փակումը:

Ձեռնարկէն ետք դեսպանը այցելեց Ինճէեաններու տունը` տեսնելու համար նորօրեայ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի անձնական իրերը. ան հետաքրքրուեցաւ նահատակին կեանքով: Դեսպանը իր ընկերակիցներով ճաշի հիւրը եղաւ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին:

 

Share this Article
CATEGORIES