«Իրաւունքի Գերակայութեան Եւրոպական Չափորոշիչները Եւ Իշխանութիւններու Հայեցողութեան Սահմանները Եւրոպական Խորհուրդի Անդամ Երկիրներուն Մէջ» Նիւթով Խորհրդաժողով

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ, Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ ընթացք առաւ «Իրաւունքի գերակայութեան եւրոպական չափորոշիչները եւ իշխանութիւններու հայեցողութեան սահմանները Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ» նիւթով երկօրեայ խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցին 32 երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու շուրջ 80 ներկայացուցիչներ:

Share this Article
CATEGORIES