Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւնը պիտի ըլլայ բոլորին համար: Առիթը յարմար պայմաններ կը ստեղծէ այսօր, ուրախութեամբ վայելեցէք օրուան բարիքները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մթնոլորտը լաւ պիտի ըլլայ, ձեր փափաքին համաձայն պիտի ընթանայ օրուան ծրագիրը` նիւթական եւ արդիւնաբերական ձեւով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շահեկան պատեհութիւններ իրաւ առիթներ պիտի ստեղծեն ձեր օրը պայծառացնելու, նաեւ` ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Որքան որ կրնաք, հանդարտ մնացէք, խաղաղ շրջանակի մը մէջ կատարեցէք ձեր աշխատանքը: Ներկայ եղէք արուեստի ներկայացման մը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ներկայ պիտի ըլլաք երեկոյթի մը` ձեր սիրած անձերուն ընկերակցութեամբ: Այս առիթը պիտի խօսի ձեր սրտին: Պահը հաճելի պիտի անցնի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ոմանք կասկած պիտի ունենան ձեր կարողութեան նկատմամբ, բայց դուք նկատի պիտի չառնէք այդ անհիմն տպաւորութիւնը եւ պիտի պահէք ձեր ինքնութիւնը ամենայն վստահութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խնամք տարէք որքան ձեր հոգեկանին, նոյնքան ձեր մարմնին: Պէտք է հասկնաք աշխատելու ձեւն ու ձեր տրամադրած ժամանակին արժէքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կողքին պիտի ունենաք ձեզի նեցուկ կանգնող անձեր: Օրուան ձեր ծրագիրները պիտի աւարտէք դիւրութեամբ` արժանանալով գնահատանքի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր սիրելիին հետ թերեւս չունենաք նոյն տեսակէտը հարցի մը շուրջ, միեւնոյն զգացողութիւնը պիտի չունենաք, բայց նոյն ատեն պիտի համակերպիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բազմատեսակ գործեր պիտի ունենաք իրագործելու, նոյն ատեն դժուար պիտի ըլլայ ձեզի, թէ ո՞ր մէկ գործէն պէտք է սկսիլ նախ եւ առաջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կ՛ուզէք փոփոխութիւն բերել ձեր տան կամ ձեր աշխատանոցին կահաւորման մէջ: Այս պարագային դիմեցէք գործին մասնագէտ անձերու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շուրջիններուն հետ մտերիմի նման վարուեցէք, անուշ լեզուով: Ընտանեկան հարազատի տրամադրութեամբ մօտեցէք իւրաքանչիւր խօսակիցի:

