50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1963)

Հայ Կեանք

Համավասպուրականի «Սիփան»
Պարախումբ–Նուագախումբը

Պէյրութի Համավասպուրականի «Սիփան» երիտասարդներու միութեան պարախումբ-նուագախումբը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին իր ունեցած ժողովրդային ելոյթներով մեծապէս գնահատուեցաւ եւ բուռն ծափահարութիւններու արժանացաւ հայ թէ օտար հասարակութենէն:

Պարախումբը, առանց բացառութեան, կը բաղկանայ վասպուրականցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ: Իրենց ելոյթներու ընթացքին կը հագնին Վասպուրականի տոհմիկ գեղեցիկ տարազները:

Նուագախումբը կազմուած է վանեցի Գուրգէն եւ Սուրէն Խանճեան եղբայրներէն` իրենց զաւակներով: Երաժշտասէր ընտանիք մըն են: Իրենց ինը զաւակներն ալ, առանց բացառութեան, երաժշտութեան կը հետեւին:

Մէկ ընտանիք ըլլալով` կը նուագեն միշտ միասին, վարժ ու ներդաշնակ:

Անշահախնդիր, միշտ բարեացակամ օգտակար ըլլալու, իրենց հանրանուէր ծառայութիւններով յարգելի ու սիրելի ընտանիք մըն են Խանճեանները:

«Սիփան» պարախումբ-նուագախումբը այս տարի եւս իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ «Համազգային»-ի Զատկուան հանդիպումին, ինչպէս նաեւ` Սիլվա Կապուտիկեանի յարգանքի երեկոյթին, Լիբանանի օգնութեան խաչի գեղարուեստական երեկոյթին, սիսեցի երիտասարդաց միութեան Ա. տարեդարձի հանդէսին, վասպուրականցի պատգամաւորներուն ի պատիւ տրուած գինեսեղանին, Աքսոր Գասարճեան վարժարանի քերմեսին, Վասպուրականի հերոսամարտի տօնակատարութեան, Ամերիկեան համալսարանի Շրջանային միութեան հանդէսին, «Համազգային»-ի պարահանդէսին, Հայկազեան քոլեճի գեղարուեստական երեկոյթին եւ այլ, եւ այլ խրախճանքներու` ստեղծելով խանդավառութիւն եւ հայրենի տոհմիկ մթնոլորտ:

Հ.

Շաւարշ Նարդունի Փարիզ Վերադարձաւ

«Հայրենիք» օրաթերթի յունիս 30-ի թիւին մէջ կը կարդանք.-

Մօտաւորապէս տասնմէկ ամիս մեր մէջ մնալէ ետք, գրագէտ Շաւարշ Նարդունի երէկ գիշեր մեկնեցաւ «տուն»` Փարիզ:

Եկաւ «իր ժողովուրդը տեսնելու համար», ինչպէս ինք կ՛ըսէ: Տեսաւ հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, փոխանցեց իր պատգամները, վստահօրէն ինք ալ, իր կարգին, հաստատեց ամերիկահայութեան ազգային գոյութեան պայքարի դժուարութիւնները եւ դարձաւ Ֆրանսա, ուր անշուշտ գրի պիտի առնէ սեւ ու ճերմակ իր տպաւորութիւնները:

Շաւարշ Նարդունիի ներկայութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ առիթ տուաւ, որ առաւելապէս Հայ օգնութեան միութիւնը ու նաեւ ՀՅ դաշնակցութիւնը համակիր բազմութիւններուն լսելի դարձնեն իրենց ազգային, մշակութային եւ գրական մտահոգութիւնները, նաեւ պարզեն բնոյթը հաւաքական գոյութեան այն պայքարին, որուն լծուած են այս երկու մեծ կազմակերպութիւնները:

Շաւարշ Նարդունի երէկ եկաւ «Հայրենիք», հրաժեշտ տուաւ ՀՅ դաշնակցութեան, ՀՕՄ-ի եւ «Հայրենիք»-ի պաշտօնէութեան եւ մեկնեցաւ: Բարի՜ ճանապարհ:

 

Հայկական Պարեր Պոսթընի Փառատօնին

Յունիս 28-ին, Պոսթընի (Ամերիկա) արուեստի փառատօնին առթիւ, տեղւոյն հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցած է հայ, ուքրանացի եւ իրլանտացի ժողովուրդներու ազգային պարերուն նուիրուած երկուքուկէս ժամուան ցուցադրութիւն մը, որուն մէկ ժամը յատկացուած էր հայկական պարերու:

Հայկազ Մկրտիչեանի ղեկավարութեամբ հայկական խումբը ազգային տարազներով ներկայացուցած է տոհմիկ կարգ մը պարեր եւ` ջերմօրէն ծափահարուած:

 

Սահակ Եպիսկոպոս Շնորհաւորած Է Թագաւորը

Անցած շաբաթ օր, Յունաստանի թագաւորին անուանակոչութեան տօնին առթիւ տեղի ունեցած գոհաբանական արարողութեանց մասնաւոր հրաւէրով ներկայ գտնուած է նաեւ յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպս. Այվազեան, որ յունահայութեան անունով շնորհաւորած է արքայական ամոլը:

Այդ արարողութեանց ներկայ գտնուած են նաեւ` Փոլ թագաւորը, Ֆրետերիքա թագուհին, գահաժառանգ իշխանը եւ արքայական ընտանիքի միւս անդամները:

 

Ընկ. Օ. Եղիազարեանի Մահն
Ու Յուղարկաւորութիւնը

Յունիս 22-ին, Թեհրանի մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքած է ազգային-յեղափոխական գործիչ եւ ՀՅ դաշնակցութեան վեթերան ընկեր Օննիկ Եղիազարեան: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է յաջորդ օր, 23 յունիսին:

Հանգուցեալ ընկերոջ մարմինը փոխադրուած է «Ալիք»-ի շէնքը, ուր կատարուած է կրօնական ծիսակատարութիւն: Ապա անկէ տարուած է գերեզմանատուն: Դագաղը ծածկուած էր եռագոյնով:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, դամբանական խօսած են ընկերներ Արամ Աղաբէկեան եւ Սուրէն Յովհաննէսեան:

Հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է ՀՅ դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ:

 

ՀՅԴաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի
70-
րդ Պատգամաւորական Ժողովին
Փառաւոր Բացումը

Առաջնորդ Սրբազանը, Նահանգի Կառավարիչը Եւ
Քոնկրեսական Մաքտոնալտ Ներկայ Եղան Բացման Հանդէսին

30 յունիս 1963, կիրակի երեկոյ, Պոսթընի «Պրետֆըրտ» պանդոկի սրահին մէջ, ընկերներու, համակիրներու եւ պատգամաւոր ընկերներու հաւատաւոր բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցած է ՀՅ դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շրջանի 70-րդ Պատգամաւորական ժողովի հրապարակային բացումը:

Ժամը ճիշդ 6:30-ին ժամանած են, յաջորդաբար, ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ եպիսկոպոս, Մասաչուսեց նահանգի կառավարիչ Էնտիքաթ Փիպատի, քոնկրեսական Թովպըրտ Մաքտոնալտ, որոնք ներկաներուն կողմէ ընդունուած են յոտնկայս եւ ջերմ ծափահարութեամբ:

Բացումը կատարած է Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Ա. Վարժապետեան, որ հրաւիրած է առաջնորդ սրբազանը` Տէրունական աղօթքով բանալու հանդէսը:

Տոքթ. Վարժապետեան կարդացած է կառավարիչ Փիպատիի կողմէ 70-րդ Պատգամաւորական ժողովի առթիւ հրատարակուած յայտարարութիւնը, ապա խօսքը տուած է կառավարիչին, որ գեղեցիկ ու տպաւորիչ ճառ մը խօսած է եւ` յայտարարած.

«Մենք` ամերիկացիներս, թերեւս ամէնէն աւելի կ՛ըմբռնենք ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը` անխտիր բոլոր ազգերուն համար, որոնց կարգին` ընտրեալ հայ ժողովուրդին:

«Ազատութեան եւ անկախութեան իր իրաւունքէն բռնօրէն զրկուած հայ ժողովուրդը առանձին չէ սակայն իր դատին մէջ: Դուք ձեզ երբեք մինակ պէտք չէ զգաք այդ ուղղութեամբ: Կը հաւատամ խորապէս, որ կարելի չէ յաւիտենականացնել բռնութիւնները: Խիզախ ժողովուրդ մը, որպիսին է հայութիւնը, վստահօրէն վերստին պիտի տիրանայ իր կապուած իրաւուքներուն»:

Պատգամաւորական ժողովը սկսած է իր աշխատանքներուն ընկերական ջերմ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES