Նորայր Ասլանեան Տեղափոխուեցաւ Ուիլեմ-2
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Նորայր Ասլանեան տեղափոխուեցաւ Ուիլեմ-2:
Նախորդ տարեշրջանին Ուիլեմ-2 մաս կը կազմէր Հոլանտայի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան: Սակայն անիկա յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ առաջին լիկային` նկատի ունենալով, որ չկրցաւ գոյատեւել բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ասլանեան մաս կը կազմէր Էմենի, որ նոյնպէս Հոլանտայի ֆութպոլի երկրորդ դասակարգի խումբերէն է:
CATEGORIES Մարզական

