Մունիեսա Ազատ Փոխանցումով Մը Պարսելոնայէն Միացաւ Սթոքի
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ 21 տարեկանէն վար ազգային խումբի յետսապահ Մարք Մունիեսա իր ակումբը` Պարսելոնան լքելով, ազատ փոխանցումով մը միացաւ Սթոքի:
21 տարեկան Մունիեսա, չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սթոքի հետ, որ նախորդ տարեշրջանին գրաւեց 13-րդ դիրքը` ընդհանուր դասաւորման մէջ:
Ան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի լաւ արդիւնք արձանագրէ իր նոր ակումբին հետ:
CATEGORIES Մարզական

