Հայ Քաղաքական Մտքի Ռազմավարական Վերանայումներու Ժամանակը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Խօսքը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւնը վերանայման ենթարկելու եւ նորովի սահմանելու հրամայականին, որուն ժամը շատոնց եկած է, եթէ արդէն անցած ալ չէ:
Խօսքը նաեւ չի վերաբերիր հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութեան, որուն շուրջ 1988-էն առաջ թէ ետք հայ քաղաքական միտքը շատ վիճած է, լայնքին-երկայնքին քննարկումներ կատարած է, բայց մինչեւ այսօր սայլը տեղէն չէ կրցած շարժել, որովհետեւ քաղաքական կամք եւ ուժ ունեցողը իր պատկերացումով մշակած է ազգային ռազմավարութիւն եւ լծուած է անոր իրականացման:
Յատկապէս Հայաստանի իրաւական վերանկախացումէն ասդին, մէկ կողմէ Հայաստանի պետական նորահաստատ վերնախաւը, իսկ միւս կողմէ` սփիւռքի մէջ արմատաւորուած հայ ազգային երեք կուսակցութեանց ղեկավար մարմինները, հրապարակային դիրքորոշումներու թէ ներքին խմորումներու միջոցով, չուզեցին կամ չկրցան ճիշդ այդ օրակարգով` հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակելու եւ կիրարկելու առաջադրանքով ի մի ժողվել ազգի կազմակերպ ուժերն ու կառոյցները` պետական, հոգեւորական, քաղաքական թէ հասարակական:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ստեղծումը, Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու գումարումը, Հայաստանի երկքաղաքացիութեան օրէնքի որդեգրումը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնը եւ, ի վերջոյ, Մեծ եղեռնի 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչելու նախաձեռնութիւնը փաստօրէն շրջանցեցին հայ ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւն մը միասնաբար մշակելու օրակարգը, թէեւ մատնանշուած ու դրական այդ բոլոր քայլերուն առիթով, հանդիսաւոր ելոյթներու մէջ, ուղղակիօրէն թէ տողատակի, շարունակ յղում կատարուեցաւ ճիշդ ա՛յդ օրակարգին կարեւորութեան եւ անխուսափելիութեան:
Այդպէս, վերջին քառորդ դարուն Հայ դատի քաղաքական հետապնդման, Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման ճակատներուն վրայ մեր ժողովուրդը իր յաղթարշաւը յառաջ մղեց առանց միասնականօրէն մշակուած եւ բոլորին համաձայնութիւնը վայելող ազգային համընդհանուր ռազմավարութեան:
Այսուհանդերձ, երեք ճակատներուն վրայ ալ, Հայաստանի պետական իշխանութեանց թէ ազգային համահայկական կառոյցներու ղեկավարութեանց կողմէ ի գործ դրուեցան ռազմավարութիւններ, որոնք, լրացուցիչ ըլլային կամ ոչ, իրողապէս եւ միասնաբար հունաւորեցին ու առաջնորդեցին Հայաստանի եւ հայութեան կեանքը` թէ՛ պետական-քաղաքական, թէ՛ ազգային-հասարակական առումներով, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի:
Միայն ընդհանուր գիծեր տալով` վերջին քսանհինգամեակին հայ քաղաքական միտքը ուղենիշ ունեցաւ ռազմավարական այսպիսի՛ սկզբունքներ ու առաջադրանքներ.
– Ազատ ու անկախ Հայաստանի պետական անվտանգութիւնը եւ տնտեսական հզօրացումը ռազմավարական առաջնային նշանակութիւն ունին ու արժանի են համազգային ուժերով միասնական զօրաշարժի եւ անսակարկ զօրակցութեան:
– Հայ դատի քաղաքական հետապնդումը, հակաթուրք ուժական պայքարով նուաճուած սփիւռքի յաղթական դիրքերը ամրապնդելու ճամբուն վրայ, Արցախի ազատագրումով կը գտնէ իր ներկայ հանգրուանի պահանջատիրութեան յառաջապահ ճակատը, իսկ Հայաստանի վերանկախացումով կ՛օժտուի ազգային իրաւատէր պետականութեան կռուանով, որ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի տրամաբանութեամբ անփոխարինելի արժէք կը ներկայացնէ:
– Հայաստանն ու սփիւռքը որքան տարբեր են իրենց առանձնայատկութիւններով, նոյնքան անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն իրենց ազգային-քաղաքական առաջադրանքներով: Որքան բարգաւաճ եւ հզօր դառնան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները, որքան սփիւռքը այդ նպատակով իր ուժերն ու հնարաւորութիւնները շարժման մէջ դնէ, այնքան կազմակերպական զարթօնք կ՛ապրի սփիւռքը` իր հայեցի գոյատեւման ու զարգացման կռուանները եւ պաշարները վերանորոգելով ու ամրապնդելով:
– Եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի վերանկախացումով սփիւռքը վերջապէս գտած է իր ազգային-քաղաքական ծանրութեան կեդրոնը, միւս կողմէ ալ սփիւռքի հետ ամէն կարգի կապերու աստիճանական կամրջումով Հայաստանը ի վիճակի դարձած է ապահովելու իր լիաթոք շնչառութիւնը: Առանց իր սփիւռքին` Հայաստանի Հանրապետութիւնը սոսկ յետխորհրդային տարածաշրջանի պատանդ մըն է: Իսկ սփիւռքով միջազգային բեմահարթակի վրայ ազգային մեր ներուժին համապատասխան կշիռ ու վարկ վայելող կենսունակ եւ բազմակողմանի զարգացում ապրող նորաստեղծ պետականութիւն է:
– Թրքական պետութեան հակահայ կողմնորոշումը եւ յետցեղասպանական ուրացման քաղաքականութիւնը ռազմավարական սպառնալիք է ամբողջ հայութեան եւ, առաջին հերթին, Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Արցախի հարցով Թուրքիոյ դրսեւորած ազրպէյճանամէտ վարքագիծը, Հայաստանի դէմ հաստատած շրջափակումը եւ, տակաւին, Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ ճեղք բանալու հետեւողական ճիգերը, որոնք իրենց բարձրակէտին հասան հայեւթուրք արձանագրութեանց ստորագրումով, կը հանդիսանան իրաւատէր հայութեան դիմագրաւած ռազմավարական գլխաւոր վտանգը:
Ընդհանրացումներով ներկայացուած ռազմավարական այս սկզբունքներն ու առաջադրանքները այնքան ալ ազգային միասնականութիւն յառաջացնող, աւելի՛ն, ամրապնդող ուղենիշներ չեղան հայ քաղաքական մտքին համար:
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին եկող-գացող իշխանութիւնները եւ անոնց գաղափարախօսները իւրովի սահմանեցին պետական իրենց ընկալումը համազգային ռազմավարութեան այս էատարրերուն:
Եւ ոչ միայն իշխանութիւնները…
Նաեւ ընդդիմադիր ճամբարին մէջ յայտնուած ուժեր կուսակցութիւններ ու հասարակական կազմակերպութիւններ իրենց նախասիրած գաղափարական հունով փորձեցին յառաջ մղել մեր ժողովուրդին ազգային համընդհանուր ռազմավարութիւնը:
Իր կարգին սփիւռքը, յետեղեռնեան իր կազմակերպ հայօճախներով թէ յետխորհրդային նորաստեղծ ու անկազմակերպ գաղութներով, ռազմավարական այս նոյն սկզբունքներուն եւ առաջադրանքներուն մէջ չտեսաւ, ոչ ալ փնտռեց ազգային համընդհանուր ռազմավարութեան մը հիմերը: Իւրաքանչիւր հոսանք, գաղափարական թէ նեղ-քաղաքական, իր նախասիրած հունով ուզեց յառաջ մղել ազգին հաւաքական կամքն ու ուժը:
Հետեւանքը եղաւ բաժանարար գիծերու թանձրացումը հայ քաղաքական մտքի ոչ միայն տարբեր հոսանքներուն, այլեւ` միեւնոյն հոսանքին պատկանող մտայնութեանց միջեւ:
Դարձեալ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով ռազմավարական այն մօտեցումները, որոնք մեր ժողովուրդին ազգային համընդհանուր ռազմավարութեան արմատաւորումը դժուարացուցին վերջին 25-ամեակին, մտահան պէտք չէ ընել, որ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման ռազմավարական առաջադրանքը երբեք չկրցաւ պահպանել պետական իշխանութիւնն ու օրուան իշխանաւոր քաղաքական ուժը իրարմէ զատորոշելու սահմանագիծը: Եւ այս` թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ սփիւռքի տարածքին:
Նոյնինքն պետական հզօրացման ռազմավարութեան մէջ յաճախ թերագնահատուեցաւ սեփական ժողովուրդի հասարակական համերաշխութեան առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու գործօնը: Ընկերատնտեսական չարաշահումները քայլ առ քայլ յաղթահարելու եւ արտագաղթի կամ ընկերային բողոքի ալիքները կանխելու ռազմավարութեան փոխարէն` Հայաստանի եւ Արցախի պետական անվտանգութեան ապահովումը իբրեւ պատրուակ գործածուեցաւ ներքաղաքական ճնշումներն ու հակաժողովրդավարական քայլերը արդարացնելու համար:
Հայաստանի վերանկախացումով հայ քաղաքական միտքը գտած էր իր բնականոն հունը, որպէսզի Հայաստանն ու սփիւռքը այլեւս չդառնան իր տարբեր հոսանքներուն միջեւ գաղափարական տարակարծութեանց ու հակադրութեանց բաժանարար գիծը:
Բայց վերանկախացեալ Հայաստանի աւելի քան քսան տարիներու կենսափորձը ոչ միայն նոյնինքն հայրենի իրականութեան մէջ չյառաջացուց գաղափարական բնականոն հոսանքներ, աջի ու ձախի, պահպանողականի եւ յեղափոխականի, գործնապաշտի եւ իտէալիստի, ընկերային արդարութեան յառաջապահի եւ անտառի օրէնքի կարծր պաշտպանի գաղափարական սահմանագիծեր, այլեւ սփիւռքի մէջ խորացուց հայաստանցի հայու եւ սփիւռքահայու անհամատեղելիութեան մոլորանքը… հայրենաբնակ հայուն մօտ սփիւռքահայուն նկատմամբ խորթացման թոյնը ներարկելէ ետք:
Հասունացում չապրեցաւ եւ արմատաւորման իր բնականոն հունը չգտաւ նաեւ ու մանաւանդ Հայ դատի հետապնդման պետական ռազմավարութեան մշակումը: (Սուրիական տագնապին եւ թրքական վտանգին նկատմամբ Հայաստանի դրսեւորուած «մարդասիրական» եւ «հայապաշտպան» վարքագիծը նուազագոյնն իսկ չէ):
Նոյնպէս եւ հայաստանակեդրոն իր սահմանափակումէն վեր չկրցաւ բարձրանալ սփիւռք ունեցող ու իր սփիւռքով լիաթոք շնչող հայոց պետականութեան համաշխարհային դիրքն ու վարկը հզօրացնելու ռազմավարութիւնը:
Եւ հիմա եկած է ժամանակը, եթէ ուշացած ալ չենք արդէն, որպէսզի ռազմավարական անհրաժեշտ վերանայումները կատարենք:
Թէ՛ պետական մեր ողջ կառոյցով, թէ՛ ազգային-հասարակական մեր աշխարհասփիւռ ներուժով:
Ի վերջոյ երկար ճամբայ չենք կրնար կտրել պետականութեամբ մը, որ ի վիճակի չէ ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն մտցնել իր կառավարման համակարգին մէջ:
Հայաստանի նախագահական վերջին «ընտրութիւն»-ը հայ քաղաքական մտքի կոկորդը կեցած փուշ է եւ` ամէնէն ախտանշական ապացոյցը հայ ժողովուրդի վերանկախացման երթը արգելակող ռազմավարական մեծ ընկրկումին:
ylfaen”�9�arfغhN i-font-family: Sylfaen’>կ՛ապրի մայրս, քրոջս հետ, եւ Պեթիին քրոջը տղան ու իր կինը: Այնպէս որ, ամբողջ շէնքը տեսակ մը քըմփաունտ է, եւ մնայուն կերպով եռուզեռ մը կայ: Երբ կը ներկեմ, արուեստանոցիս դուռը միշտ բաց է, եւ երիտասարդութիւն մը կայ, որ իր տան պէս հարազատ կը զգայ այստեղ: Երբեմն երաժշտական երեկոներ կ՛ունենանք: Երբեմն աշխատելու ժամանակ ընկերներ կը նստին, կը խմեն ու ինծի կ՛ընկերակցին: Մէկ խօսքով, միշտ բան մը կայ, որ մեզի արթուն կը պահէ: Նոր թատերախաղիս մէջ նկարիչը կ՛ըսէ, որ` «Ես շատ առանձին ձգուելիք մարդ չեմ, ինքզինքս կրնամ շատ դիւրին խենթացնել»: Կարծեմ ես ալ քիչ մը այդպէս եմ, պէտք է միշտ շուրջս մարդ ըլլայ, որ զիս տխուր տեղերէ հեռու պահէ:
Երբ երիտասարդ էի, նկարներս երիտասարդութեանս թարմութիւնը եւ ինքզինքս փաստելու կիզիչ մարմաջը կը ցոլացնէին: Գործածած գոյներս միշտ վառ էին եւ փայլուն: Շատ կը սիրէի նախնական գոյներ գործածել` կարմիրներ, դեղիններ եւ նարնջագոյններ: Ցուցամոլութեան պէս բան մը կար գործերուս մէջ, թաքուն փափաք մը` տպաւորելու եւ սահմաններս գծելու: Սակայն անդրադարձած եմ, որ արուեստագէտ մը որքան տարիքը առնէ, այնքան կը հասուննայ, եւ որքան հասուննայ, այնքան նուազ կը փորձէ ինքզինք փաստել: Ժամանակի ընթացքին գործերս աւելի եւ աւելի անկեղծ եւ համեստ դարձան: Հիմա ինծի համար որակաւոր արուեստի ամէնէն կարեւոր հրամայականը իմ ներաշխարհիս բոլոր ծալքերը ամէնէն անկեղծ ձեւով արտայայտելն է: Իմ յստակ գունատախտակս ունիմ հիմա: Որոշ գոյներ կան, որոնք այլեւս բնաւ չեմ գործածեր, իսկ այն գոյները, որոնք կը գործածեմ, աչք ծակող, վառ գոյներ չեն: Գործերս աւելի անկեղծ եւ անպաճոյճ դարձած են, եւ որքան տարիքս առնեմ, այնքան աւելի մանկականութիւն մը եւ միամտութիւն մը կը մտնէ գործերուս մէջ: Բիւրեղութիւնը բանալին է: Կը յիշեմ, տարիներ առաջ, երբ նոր սկսած էի գործերս ցուցադրել, մէկը ինծի ըսաւ` «Այս նկարներդ, չեմ գիտեր, երեխաս ալ կրնայ ընել»: Ես ալ ըսի, որ` «Հաւանաբար երեխադ կրնայ ընել, բայց կը կասկածիմ, որ դուն կրնաս»:

