Հենրիխ Մխիթարեան Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի «փրեմիեր լիկ»-ի ակումբները համակիրներուն հետ միասին որոշած են նախորդ տարեշրջանի մրցանակակիրները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ուքրանիոյ «փրեմիեր լիկ»-ի պաշտօնական կայքէջը, ախոյեանութեան լաւագոյն խաղացող ճանչցուած է Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Հայ ֆութպոլիստը նախորդ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերած է 29 մրցումի` նշանակելով 25 կոլ:
Մրցանակակիրները անհատական բացառիկ մրցանակներ եւ պարգեւներ պիտի ստանան 10 յուլիսին Օտեսայի մէջ, նախքան Ուքրանիոյ գերբաժակի մրցումին սկսիլը:
CATEGORIES Մարզական

