Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց Լիբանանի երիտասարդներու 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները:
Ատկէ մեկնելով ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Ահտ:
Ֆետերասիոնը նշեց, որ հինգշաբթի, 4 յուլիսին, իր կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) տեղի պիտի ունենան շարք մը մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու վիճակաձգութիւնները` ինչ կը վերաբերի 2013-2014 տարեշրջանին: Յետմիջօրէի ժամը 13:00-էն սկսեալ յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնները. ֆետերասիոնի բաժակ, «Թահատտի»-ի բաժակ, Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւններ:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ Ահտ ակումբին, որ 22 յուլիսէն 4 օգոստոս Հարեթ Հորէյքի քաղաքապետութեան դաշտին վրայ կազմակերպէ ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ ութ ակումբներու:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը նշեց, որ նկատի ունենալով, որ 2012-2013 տարեշրջանը աւարտած է, բոլոր այն ակումբները, որոնք իրենց կախակայուած մարզիկներուն պատիժները կ՛ուզեն վերացնել, պարտին ատոր դիմաց ֆետերասիոնին վճարել իրենց նկատմամբ սահմանուած տուգանքները:
Այդ տուգանքներուն գումարը կը սկսի 250 հազար լիբանանեան ոսկիէն` հասնելով մինչեւ մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի սահմանները:

